Psalms 49WARMB

1Լսեցէ՛ք ասիկա, ո՛վ բոլոր ազգեր, Ակա՛նջ դրէք, աշխարհի բոլոր բնակիչներ,

2Ռամիկներ ու ազնուականներ, Հարուստներ ու աղքատներ մէկտեղ։

3Բերանս իմաստութիւն պիտի խօսի Ու սրտիս խորհուրդները՝ հանճար։

4Իմ ականջս առակի պիտի ծռեմ, Հանելուկս քնարով պիտի լուծեմ։

5Ինչո՞ւ վախնամ չար օրերու մէջ Երբ դարանակալներու անօրէնութիւնը չորս կողմս կը պատէ։

6Իրենց զօրութեանը յուսացողներէն Ու իրենց հարստութեանը շատութիւնովը հպարտացողներէն

7Մէկը բնաւ չի կրնար փրկել իր եղբայրը, Ո՛չ ալ անոր փրկանքը Աստուծոյ հատուցանել,

8(Քանզի սուղ է անոնց անձին փրկութեան գինը, Երբեք կարելի չէ գոհացնել։)

9Որպէս զի ապրի յաւիտեան Ու ապականութիւն չտեսնէ։

10Վասն զի կը տեսնէ թէ իմաստունները կը մեռնին, Յիմարը ու անխելքը մէկտեղ կը կորսուին Ու իրենց ստացուածքները ուրիշներուն կը թողուն։

11Անոնք կը կարծեն թէ իրենց տուները յաւիտեան պիտի մնան Ու իրենց բնակարանները՝ ազգէ մինչեւ ազգ. Երկիրները իրենց անուններովը կը կոչեն։

12Բայց մարդը պատուոյ մէջ չի մնար, Անասուններուն նման է, որոնք կը կորսուին։

13Անոնց այս ճամբան իրենց յիմարութիւն է, Սակայն անոնց ետեւէն եկողները անոնց խօսքէն պիտի հաճոյանան։ (Սէլա։)

14Անոնք ոչխարներու պէս գերեզմանը պիտի դրուին։ Մահը անոնց հովիւը պիտի ըլլայ։ Ուղիղը զանոնք գերեզմանը պիտի իջեցնէ. Առտուն անոնց կերպարանքը պիտի կորսուի. Գերեզմանը անոնց բնակարան պիտի ըլլայ։

15Սակայն Աստուած գերեզմանին իշխանութենէն պիտի փրկէ իմ անձս, Վասն զի զիս պիտի ընդունի։ (Սէլա։)

16Մի՛ վախնար, երբ մարդ մը հարստանայ Ու անոր տանը փառքը շատնայ.

17Վասն զի մեռնելու ատենը ամենեւին բան մը իրեն հետ պիտի չտանի Ու իր փառքը իր ետեւէն պիտի չիջնէ։

18Թէպէտեւ իր կենդանութեան զինք երջանիկ կը կարծէր։ (Ու մարդ կը գովուի, երբ իր անձին աղէկութիւն կ’ընէ։)

19Սակայն իր նախահայրերուն պիտի երթայ Ու ալ երբեք լոյս պիտի չտեսնեն։

20Մարդը, որ պատուոյ մէջ եղած ատեն իմաստուն չեղաւ՝ Անասուններու կը նմանի, որոնք կը կորսուին։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Psalms 49.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.