Psalms 40WARMB

1Սպասելով սպասեցի Տէրոջը, Որ ծռեցաւ ինծի ու լսեց իմ աղաղակս

2Եւ զիս կորստեան փոսէն, տղմալից կաւէն հանեց Ու ոտքերս վէմի վրայ ամրացուց ու քալուածքս հաստատեց

3Ու բերանս դրաւ նոր երգ մը, Մեր Աստուծոյ գովութիւնը։ Շատերը պիտի տեսնեն ու պիտի վախնան Ու Տէրոջը պիտի յուսան։

4Երանի՜ այն մարդուն, որ իր յոյսը Տէրոջը վրայ կը դնէ Ու չի նայիր հպարտներուն ու ստութեան ետեւէ գացողներուն։

5Շատ են սքանչելիքներդ, որոնք դուն ըրեր ես, Ո՛վ իմ Տէր Աստուածս։ Մեր վրայ ունեցած խորհուրդներդ Մէ՛կը չի կրնար կարգաւ պատմել քու առջեւդ. Պիտի պատմէի ու խօսէի, Բայց համրանքէն աւելի շատ են։

6Զոհի ու ընծայի չհաւնեցար, Հապա իմ ականջներս բացիր։ Ոզջակէզ ու մեղքի պատարագ չպահանջեցիր։

7Այն ժամանակ ըսի թէ՝ «Ահա կու գամ ես. Գրքի տոմսի մէջ ինծի համար գրուած է,

8Ով իմ Աստուածս, քու կամքդ կատարել փափաքեցայ Ու քու օրէնքդ իմ ներսիդիս է»։

9Արդարութիւն քարոզեցի շատ ժողովուրդի մէջ։ Ահա շրթունքներս չարգիլեցի, Ո՛վ Տէր, դուն գիտես։

10Սրտիս մէջ գաղտուկ չպահեցի քու արդարութիւնդ։ Հաւատարմութիւնդ ու փրկութիւնդ պատմեցի։ Քու ողորմութիւնդ ու ճշմարտութիւնդ ժողովուրդէն չծածկեցի։

11Դուն, ո՛վ Տէր, քու գթութիւնդ մի՛ հեռացներ ինծմէ. Քու ողորմութիւնդ ու ճշմարտութիւնդ ամէն ժամանակ թող պաշտպանեն զիս։

12Վասն զի անթիւ չարիքներ զիս պատեցին. Անօրէնութիւններս ինծի հասան ու ես չեմ կրնար տեսնել։ Գլխուս մազէն շատ են ու սիրտս զիս թողուց։

13Ո՛վ Տէր, զիս փրկելու կամք ըրէ. Ո՛վ Տէր, ինծի օգնելու արտորցիր։

14Թող ամչնան ու մէկտեղ խայտառակ ըլլան Իմ անձս փնտռողները՝ զանիկա կորսնցնելու համար։ Ետ դառնան ու ամօթով ըլլան Ինծի չարութիւն ուզողները։

15Թող ամչնալով կործանին Անոնք որ ինծի «Վա՛շ, վա՛շ» կ’ըսեն։

16Ամէն քեզ փնտռող Քեզմով թող ցնծայ եւ ուրախանայ։ Քու փրկութիւնդ սիրողները Ամէն ժամանակ թող ըսեն. «Մեծ է Տէրը»։

17Թէեւ ես աղքատ ու տնանկ եմ, Սակայն Տէրը հոգ կը տանի ինծի։ Իմ օգնականս ու փրկիչս դո՛ւն ես։ Ո՛վ իմ Աստուածս, մի՛ ուշանար։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Psalms 40.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.