Psalms 32WARMB

1Երանի՜ անոր, որուն յանցանքներուն թողութիւն եղաւ Ու անոր մեղքերը ծածկուեցան։

2Երանի՜ այն մարդուն՝ որուն՝ Տէրը անօրէնութիւն չի սեպեր Ու անոր հոգիին մէջ նենգութիւն չկայ։

3Երբ մեղքերս չխոստովանեցայ, ոսկորներս մաշեցան Ամէն օր աղաղակելովս,

4Վասն զի ցորեկ ու գիշեր քու ձեռքդ իմ վրաս ծանրացաւ. Իմ թացութիւնս ամառուան չորութեան դարձաւ։ (Սէլա։)

5Իմ մեղքս քեզի յայտնեցի Ու իմ անօրէնութիւնս չծածկեցի։ Ըսի թէ՝ «Տէրոջը պիտի խոստովանիմ յանցանքներս»։ Ու դուն ներեցիր իմ մեղքիս անօրէնութիւնը։ (Սէլա։)

6Ասոր համար ամէն աստուածապաշտ աղօթք պիտի ընէ քեզի Քու գտնուելու ժամանակդ։ Արդարեւ շատ ջուրերու հեղեղներուն ատենը Անոր պիտի չմօտենան։

7Դուն ես իմ ապաստանարանս։ Նեղութենէն զիս պիտի պահես։ Դուն զիս պիտի պատես ազատութեան երգերով։ (Սէլա։)

8Քեզի պիտի սորվեցնեմ ու երթալու ճամբադ պիտի ցուցնեմ քեզի. Քեզ պիտի խրատեմ՝ ՝, իմ աչքս քու վրադ պիտի ըլլայ։

9Ձիու պէս ու ջորիի պէս մի՛ ըլլաք, որոնք միտք չունին Ու իրենց սանձով ու պախուրցով կապելու ես, որպէս զի քեզի չմօտենան։

10Ամբարշտին տանջանքները շատ պիտի ըլլան, Սակայն սէրը պիտի պատէ Տէրոջը յուսացողին չորս կողմը։

11Ո՛վ արդարներ, Տէրոջմով ուրախ եղէ՛ք ու ցնծացէ՛ք, Ցնծութեամբ երգեցէ՛ք դուք ամէնքդ, որ սրտով ուղիղ էք։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Psalms 32.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.