Psalms 29WARMB

1Տէրոջը տուէք, ո՛վ հզօրաց որդիներ, Տէրո՛ջը տուէք փառք ու զօրութիւն։

2Տէրո՛ջը տուէք իր անուան փառքը, Տէրոջը երկրպագութիւն ըրէ՛ք սրբութեան զարդարանքով։

3Տէրոջը ձայնը ջուրերուն վրայ է։ Փառաց Աստուածը կ’որոտայ։ Տէրը շատ ջուրերու վրայ է։

4Տէրոջը ձայնը ուժով է։ Տէրոջը ձայնը վեհափառութիւնով է։

5Տէրոջը ձայնը եղեւինները կը կոտրէ Ու Տէրը կը կոտրտէ Լիբանանի եղեւինները.

6Զանոնք կը ցատկեցնէ հորթի պէս, Լիբանանը ու Սարիօնը՝ միեղջերուներու ձագի պէս։

7Տէրոջը ձայնը կրակին բոցերը կը ճեղքէ։

8Տէրոջը ձայնը կը դողացնէ անապատը։ Տէրը Կադէսի անապատը կը դողացնէ։

9Տէրոջը ձայնը եղնիկները կը ծնցնէ Ու անտառները կը մերկացնէ. Անոր տաճարին մէջ ամէնքն ալ անոր փառքը կը հռչակեն։

10Տէրը ջրհեղեղին վրայ կը նստի, Տէրը յաւիտեան թագաւոր պիտի ըլլայ։

11Տէրը իր ժողովուրդին զօրութիւն պիտի տայ, Տէրը իր ժողովուրդը խաղաղութիւնով պիտի օրհնէ։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Psalms 29.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.