Psalms 17WARMB

1Ո՛վ Տէր, լսէ՛ արդար դատս, Մտիկ ըրէ իմ աղաղակիս։ Ականջ դիր աղօթքիս, Որ խաբեբայ շրթունքներով չէ։

2Իմ դատաստանս քու երեսէդ թող ելլէ. Քու աչքերդ ուղղութիւնը թող տեսնեն։

3Իմ սիրտս փորձեցիր, գիշեր ատեն քննեցիր, Զիս կրակով փորձեցիր ու բան մը չգտար. Միտքս դրի որ բերանս պատուիրանազանց չըլլայ՝ ՝։

4Մարդոց գործերուն նայելով եւ Քու շրթունքներուդ խօսքերովը ես բռնաւորին ճամբաներէն զգուշացայ։

5Իմ քայլերս քու ճամբաներուդ մէջ պահէ, Որպէս զի իմ գնացքներս չսասանին։

6Ես քեզի կանչեցի, վասն զի ինծի պատասխան պիտի տաս, ո՛վ Աստուած։ Խոնարհեցո՛ւր ինծի քու ականջդ, լսէ՛ իմ խօսքս։

7Սքանչելի կերպով քու ողորմութիւններդ ցուցուր, Դուն որ քեզի յուսացողները աջ ձեռքովդ կ’ազատես Հակառակ կեցողներէն։

8Աչքի բիբի պէս զիս պահէ՛, Թեւերուդ հովանաւորութեանը տակ զիս ծածկէ՛

9Ինծի տառապանք տուող ամբարիշտներուն երեսէն։ Իմ անձիս թշնամիները զիս պաշարեցին։

10Իրենց պարարտութիւնովը ծածկուեցան, Իրենց բերնովը ամբարտաւանութեամբ խօսեցան։

11Հիմա մեր քայլերուն չորս կողմը պատելով՝ Աչքերնին մեր վրայ տնկեցին գետինը զարնելու համար,

12Առիւծի պէս, որ կը փափաքի գիշատել, Առիւծի կորիւնի պէս, որ դարանակալ կ’ըլլայ։

13Ելի՛ր, ո՛վ Տէր, անոր առջեւ ինծի օգնութեան հասիր, Զանիկա գետի՛նը զարկ։ Քու սրովդ փրկէ՛ իմ անձս ամբարիշտներէն,

14Քու ձեռքովդ՝ մարդոցմէն, ո՛վ Տէր, Աշխարհի մարդոցմէն, որոնց բաժինը այս կեանքին մէջ է Ու անոնց փորերը շտեմարաններէդ կը լեցնես. Անոնց որդիներն ալ ՝ ՝ կը կշտանան Ու իրենցմէ աւելցածը իրենց տղոցը կը թողուն։

15Իսկ ես արդարութեամբ պիտի տեսնեմ քու երեսդ. Երբ արթննամ քու դէմքէդ պիտի կշտանամ։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Psalms 17.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.