Psalms 15WARMB

1Տէ՛ր, ո՞վ պիտի կենայ քու վրանիդ մէջ, Ո՞վ պիտի բնակի քու սուրբ լերանդ վրայ։

2Ան որ անմեղութեամբ կը քալէ ու արդարութիւն կ’ընէ Եւ ճշմարտութիւն կը խօսի իր սրտէն։

3Ան որ լեզուովը չի զրպարտեր, Ընկերին չարութիւն չ’ըներ, Եւ իր դրացիին վրայ նախատինք չի դներ.

4Որուն առջեւ անարգուած է չարագործը, Բայց աստուածավախները կը պատուէ. Երդում կ’ընէ իր վնասին ու չի դառնար.

5Իր արծաթը վարձքով չի տար Ու անմեղին դէմ կաշառք չ’առներ։ Ով որ ասոնք կ’ընէ, յաւիտեան պիտի չսասանի։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Psalms 15.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.