Psalms 137WARMB

1Բաբելոնի գետերուն քով՝ Հո՛ն կը նստէինք Ու Սիօնը մտքերնիս բերելով կու լայինք։

2Անոր մէջ՝ ուռիներուն վրայ Կախեցինք մեր քնարները.

3Վասն զի մեզ գերի ընողները Հոն մեզմէ երգ մը խնդրեցին Ու մեր կողոպտիչները ուրախութիւն, Ըսելով. «Երգեցէ՛ք մեզի Սիօնի երգերէն»։

4Տէրոջը երգը ի՛նչպէս երգենք Օտար երկրի մէջ։

5Ո՛վ Երուսաղէմ, եթէ քեզ մոռնամ, Թո՛ղ իմ աջ ձեռքս իր պաշտօնը մոռնայ.

6Թո՛ղ իմ լեզուս իմ քիմքիս փակչի, Եթէ քեզ չյիշեմ, Եթէ Երուսաղէմը իմ գլխաւոր ուրախութենէս Աւելի մեծ չհամարեմ։

7Յիշէ՛, ո՛վ Տէր, Եդովմի որդիները Երուսաղէմի օրուանը մէջ, Որոնք կ’ըսէին. «Փլցուցէ՛ք, փլցուցէ՛ք Մինչեւ անոր հիմը»։

8Ո՛վ Բաբելոնի աւերող աղջիկ, Երանի՜ անոր՝ որ քեզի կը հատուցանէ Մեզի ըրած գործերուդ փոխարէնը։

9Երանի՜ անոր՝ որ քու զաւակներդ կը բռնէ Ու քարի կը զարնէ։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Psalms 137.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.