Psalms 126WARMB

1Երբ Տէրը Սիօնին գերութիւնը դարձուց, Երազ տեսնողներու՝ ՝ պէս եղանք։

2Այն ժամանակ մեր բերանը խնդութիւնով լեցուեցաւ Ու մեր լեզուն՝ ցնծութիւնով։ Այն ժամանակ հեթանոսներուն մէջ ըսին. «Տէրը մեզի համար մեծ բաներ ըրաւ»։

3Տէրը մեզի համար մեծ բաներ ըրաւ Ու մենք ուրախացանք։

4Ո՛վ Տէր, դարձուր մեր գերութիւնը Հարաւի առուներուն պէս։

5Անոնք որ արցունքով կը ցանեն, Ցնծութիւնով պիտի հնձեն։

6Ան որ լալով կ’երթայ, Ցանելու սերմը տանելով, Անշուշտ ցնծութեամբ ետ պիտի դառնայ, Իր ցորենի խուրձերը բերելով։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Psalms 126.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.