Psalms 124WARMB

1Եթէ Տէրը մեզի հետ չըլլար Հիմա Իսրայէլ թող ըսէ՝

2Եթէ Տէրը մեզի հետ չըլլար, Երբ մարդիկ մեր վրայ ելան,

3Այն ատեն ողջ ողջ պիտի կլլէին մեզ, Երբ անոնց բարկութիւնը մեր վրայ բորբոքած էր։

4Այն ատեն ջուրերը մեզ պիտի ընկղմէին, Հեղեղը մեր անձերուն վրայէն պիտի անցնէր.

5Այն ատեն փրփրած ջուրերը Մեր անձերուն վրայէն պիտի անցնէին։

6Օրհնեալ ըլլայ Տէրը, Որ մեզ անոնց ակռաներուն որս չտուաւ։

7Մեր անձերը ճնճղուկի պէս որսորդներուն որոգայթէն ազատեցան. Որոգայթը կոտրուեցաւ ու մենք ազատեցանք։

8Մեր օգնութիւնը Տէրոջը անունովն է, Որ երկինքն ու երկիրը ստեղծեց։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Psalms 124.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.