Psalms 107WARMB

1Գոհացէ՛ք Տէրոջմէն, վասն զի բարի է, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։

2Թող այսպէս ըսեն Տէրոջը փրկածները, Որոնք փրկեց թշնամիին ձեռքէն

3Ու հաւաքեց զանոնք երկիրներէն, Արեւելքէն, արեւմուտքէն, հիւսիսէն ու ծովէն։

4Անոնք մոլորեցան անապատին մէջ, անջուր ճամբու մէջ. Բնակելու քաղաք չգտան։

5Անօթի ու ծարաւ ըլլալով՝ Հոգինին իրենց ներսիդին կը մարէր։

6Տէրոջը աղաղակեցին իրենց նեղութեանը մէջ Եւ անիկա փրկեց զանոնք իրենց տառապանքներէն

7Ու զանոնք ուղիղ ճամբու մէջ առաջնորդեց, Մինչեւ որ բնակելու քաղաքը հասան։

8Թող գոհանան Տէրոջմէն իր ողորմութեանը համար Ու հրաշքներուն համար, որ մարդոց որդիներուն ըրաւ։

9Վասն զի անիկա ծարաւցած հոգին կը յագեցնէ Ու անօթեցածը բարութիւնով կը լեցնէ։

10Անոնք խաւարի ու մահուան շուքի մէջ կը նստէին, Տառապանքով ու երկաթով կապուած էին,

11Վասն զի Աստուծոյ խօսքերուն հակառակ կեցան Ու Բարձրեալին խորհուրդը անարգեցին.

12Ուստի անիկա ալ նեղութիւնով խոնարհեցուց անոնց սիրտը։ Ինկան ու օգնական մը չկար։

13Տէրոջը աղաղակեցին իրենց նեղութեանը մէջ Ու զանոնք փրկեց իրենց տառապանքներէն։

14Զանոնք խաւարէն ու մահուան շուքէն հանեց Ու անոնց կապանքները կոտրտեց։

15Թող գոհանան Տէրոջմէն իր ողորմութեանը համար, Իր ըրած հրաշքներուն համար, որ մարդոց որդիներուն ըրաւ։

16Վասն զի պղնձէ դռները փշրեց Ու երկաթէ նիգերը կոտրեց։

17Յիմարները իրենց չար ճամբուն համար Ու իրենց անօրէնութիւններուն համար նեղութիւն կը կրեն։

18Անոնց անձը ամէն կերակուրէ կը զզուի Ու մինչեւ մահուան դռներուն կը մօտենան։

19Տէրոջը կ’աղաղակեն իրենց նեղութեանը մէջ Ու կը փրկէ զանոնք իրենց տառապանքներէն։

20Իր խօսքը կը ղրկէ ու կը բժշկէ զանոնք Ու կ’ազատէ զանոնք իրենց կործանումէն։

21Թող գոհանան Տէրոջմէն իր ողորմութեանը համար, Իր ըրած հրաշքներուն համար, որ մարդոց որդիներուն ըրաւ։

22Գոհութեան պատարագներ թող մատուցանեն Ու անոր գործերը ցնծութեամբ պատմեն։

23Նաւերով ծովը իջնողները Ու մեծ ջուրերու մէջ գործ գործողները,

24Անոնք Տէրոջը գործերը Ու անոր հրաշքները կը տեսնեն անդունդին մէջ։

25Վասն զի ան կ’ըսէ ու մրրկալից հովը կը հանէ, Որ անոր ալիքները բարձրացնէ։

26Երկինք կ’ելլեն ու անդունդը կ’իջնեն։ Անոնց անձերը նեղութենէ կը հալին,

27Գինով մարդու պէս կը դողդղան ու կ’երերան Եւ անոնց բոլոր իմաստութիւնը կը հատնի։

28Այն ատեն Տէրոջը կ’աղաղակեն իրենց նեղութեանը մէջ Ու կը փրկէ զանոնք իրենց տառապանքներէն։

29Մրրիկը կը հանդարտեցնէ Ու ալիքները կը դադարին։

30Իրենք ալ կ’ուրախանան, որ դադարեցան Եւ կ’առաջնորդէ զանոնք իրենց ուզած նաւահանգիստը։

31Թող գոհանան Տէրոջմէն իր ողորմութեանը համար, Իր ըրած հրաշքներուն համար, որ մարդոց որդիներուն ըրաւ։

32Թող բարձրացնեն զանիկա ժողովուրդին մէջ Ու ծերերուն ատեանին մէջ թող գովեն զանիկա։

33Գետերը անապատներու կը դարձնէ Ու ջուրերուն գնացքները՝ չոր երկրի

34Ու պտղաբեր երկիրը՝ աղի երկրի, Անոր բնակիչներուն չարութեանը համար։

35Անապատը ջուրերու լիճի կը փոխէ Ու չոր երկիրը՝ ջուրերու գնացքի

36Եւ անօթիները հոն կը բնակեցնէ, Որպէս զի բնակելու քաղաք հիմնեն

37Ու արտեր հերկեն ու ցանեն ու այգիներ տնկեն, Որպէս զի պտուղ բերեն։

38Զանոնք կ’օրհնէ եւ անոնք խիստ կը բազմանան Ու անոնց անասունները չի պակսեցներ։

39Նորէն կը պակսին ու կը ցածնան Բռնութենէ, նեղութենէ ու տրտմութենէ։

40Անարգանք կը թափէ իշխաններուն վրայ Ու զանոնք ճամբայ չունեցող անապատի մէջ կը մոլորեցնէ։

41Բայց աղքատը խեղճութենէ կը բարձրացնէ Եւ անոր տոհմերը ոչխարներու հօտի պէս կ’ընէ։

42Ուղիղները պիտի տեսնեն եւ ուրախանան Բայց ամէն անօրէնութիւն իր բերանը պիտի գոցէ։

43Ո՞վ է իմաստուն՝ որ այս բաները պահէ։ Անիկա Տէրոջը ողորմութիւնները պիտի հասկնայ։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Psalms 107.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.