1Գոհացէ՛ք Տէրոջմէն, անոր անունը կանչեցէ՛ք, Անոր գործերը ժողովուրդներուն մէջ պատմեցէ՛ք։
2Երգեցէ՛ք անոր, սաղմոս ըսէ՛ք անոր, Պատմեցէ՛ք անոր բոլոր հրաշքները։
3Անոր սուրբ անունովը հպարտացէ՛ք։ Տէրը խնդրողներուն սիրտը թող ուրախ ըլլայ։
4Տէրը ու անոր զօրութիւնը խնդրեցէ՛ք, Ամէն ժամանակ անոր երեսը փնտռեցէ՜ք.
5Յիշեցէ՛ք անոր ըրած հրաշքները, Անոր նշանները ու բերնին դատաստանները։
6Ո՛վ անոր ծառային՝ Աբրահամին՝ սերունդ, Ո՛վ Յակոբի որդիներ, անոր ընտրեալները։
7Եհովան ինքն է մեր Աստուածը. Անոր դատաստանները բոլոր երկրի մէջ են։
8Անիկա իր ուխտը յաւիտեան կը յիշէ Ու իր պատուիրած խօսքը՝ մինչեւ հազար ազգ.
9Այն ուխտը որ Աբրահամին ըրաւ Ու իր երդումը որ Իսահակին ըրաւ,
10Յակոբին ալ հաստատեց զանիկա՝ օրէնք մը ըլլալու Ու Իսրայէլին՝ իբրեւ յաւիտենական ուխտ մը,
11Ըսելով. «Քեզի պիտի տամ Քանանի երկիրը, Ձեր ժառանգութեան վիճակը»։
12Երբ անոնք սակաւաթիւ էին, Քիչուոր ու պանդուխտ՝ անոր մէջ
13Ու մէկ ազգէ ուրիշ ազգի գացին, Մէկ թագաւորութենէ ուրիշ ժողովուրդի,
14Անիկա մէկո՛ւն թող չտուաւ, որ զանոնք նեղէ. Թագաւորներ ալ յանդիմանեց անոնց համար,
15Ըսելով. «Իմ օծեալներուս մի՛ դպչիք Ու իմ մարգարէներուս չարութիւն մի՛ ընէք»։
16Երբ սով բերաւ երկրի վրայ, Հացին բոլոր զօրութիւնը կոտրեց։
17Անոնց առջեւէն մարդ ղրկեց, Յովսէփը՝ որ ծառայութեան ծախուեցաւ։
18Անոր ոտքերը կապանքով նեղեցին, Անոր անձը երկաթի մէջ դրուեցաւ՝
19Մինչեւ այն ժամանակ, երբ անոր խօսքը եկաւ, Տէրոջը խօսքը փորձեց զանիկա։
20Թագաւորը ղրկեց ու արձակեց զանիկա։ Ժողովուրդներուն իշխանը ազատեց զանիկա։
21Իր տանը վրայ տէր կեցուց զանիկա Եւ իր բոլոր ունեցածին վրայ՝ իշխան,
22Որպէս զի անոր իշխանները իր ուզածին պէս կապէ Ու անոր ծերերը իմաստուն ընէ։
23Իսրայէլ Եգիպտոս եկաւ Ու Յակոբ պանդուխտ եղաւ Քամի երկրին մէջ։
24Տէրը իր ժողովուրդը խիստ շատցուց Ու զանոնք իրենց թշնամիներէն աւելի զօրաւոր ըրաւ։
25Անոնց սիրտը դարձուց, որպէս զի իր ժողովուրդը ատեն Ու իր ծառաներուն նենգութիւն ընեն։
26Իր ծառան Մովսէսը ղրկեց Եւ իր ընտրած Ահարոնը,
27Որոնք անոնց մէջ իր նշանները ըրին Ու հրաշքներ՝ Քամի երկրին մէջ։
28Խաւար ղրկեց ու խաւարեցուց Եւ անոր խօսքին դէմ չկեցան։
29Անոնց ջուրերը արիւնի դարձուց Ու անոնց ձուկերը սպաննեց։
30Անոնց երկիրը առատօրէն գորտեր դուրս բերաւ, Մինչեւ անոնց թագաւորներուն ներքին սենեակներուն մէջ։
31Ըսաւ՝ ու շանաճանճը եւ մուները Անոնց բոլոր սահմաններուն մէջ եկան։
32Անձրեւի տեղ կարկուտ տուաւ անոնց Ու կրակի բոցեր՝ անոնց երկրին մէջ։
33Անոնց որթատունկերը ու թզենիները զարկաւ Եւ անոնց սահմաններուն ծառերը կոտրտեց։
34Ըսաւ՝ ու եկան մարախը Եւ ջորեակը՝ առանց համրանքի,
35Որոնք անոնց երկրին մէջի բոլոր խոտը Եւ անոնց արտերուն պտուղը կերան։
36Անոնց երկրին բոլոր անդրանիկները Ու անոնց բոլոր զօրութեանը սկիզբը զարկաւ։
37Զանոնք ոսկիով ու արծաթով հանեց Ու անոնց ցեղերուն մէջ տկար մարդ չկար։
38Եգիպտոս ուրախացաւ անոնց դուրս ելլելուն, Վասն զի անոնց ահը իրենց վրայ ինկած էր։
39Ցորեկը ՝ հովանի ըլլալու համար ամպ Ու գիշերը՝ լոյս տալու համար կրակ տարածեց։
40Խնդրեցին ու լորամարգիներ բերաւ Ու երկնքի հացով կշտացուց զանոնք։
41Վէմը պատռեց ու ջուրերը վազեցին, Գետի պէս հոսեցան չոր տեղերուն մէջէն։
42Վասն զի իր սուրբ խոստումը յիշեց, Որ իր Աբրահամ ծառային ըրեր էր ։
43Ժողովուրդը ցնծութիւնով հանեց Եւ իր ընտրածները՝ ուրախութիւնով։
44Հեթանոսներուն երկիրները անոնց տուաւ Եւ անոնք ժողովուրդներուն վաստակները ժառանգեցին,
45Որպէս զի անոր պատուիրանքները պահեն Ու անոր օրէնքները կատարեն։ Ալէլուիա՜։