1Ո՛վ իմ անձս, օրհնէ՛ Տէրը Ու այն ամէնը, որ իմ ներսիդիս է՝ անոր սուրբ անունը։
2Ո՛վ իմ անձս, օրհնէ՛ Տէրը Եւ անոր բոլոր բարերարութիւնները մի՛ մոռնար։
3Որ կը քաւէ բոլոր անօրէնութիւններդ Ու կը բժշկէ քու բոլոր հիւանդութիւններդ,
4Որ կը փրկէ քու կեանքդ ապականութենէ Եւ կը պսակէ քեզ ողորմութիւնով ու գթութիւնով.
5Որ կը լեցնէ քու ծերութիւնդ բարութիւնով Ու քու մանկութիւնդ արծիւի պէս կը նորոգուի։
6Տէրը արդարութիւն ու իրաւունք կ’ընէ Բոլոր զրկուածներուն.
7Անիկա իր ճամբաները Մովսէսին ճանչցուց Ու իր գործերը՝ Իսրայէլի որդիներուն։
8Բարեգութ ու ողորմած է Տէրը, Երկայնամիտ ու առատ՝ ողորմութիւնով։
9Անիկա մինչեւ վերջը չի հակառակիր Եւ յաւիտեանս ոխ չի պահեր։
10Անիկա մեր մեղքերուն համեմատ չըրաւ մեզի Ու մեր անօրէնութիւններուն համեմատ հատուցում չըրաւ մեզի։
11Հապա որչափ որ երկինքը երկրէն բարձր է, Այնչափ իր ողորմութիւնը իրմէ վախցողներուն վրայ զօրաւոր է։
12Որչափ որ արեւելքը արեւմուտքէն հեռու է, Այնչափ հեռացուց մեզմէ մեր յանցանքները։
13Ինչպէս հայր մը կը գթայ իր որդիներուն վրայ, Այնպէս ալ Տէրը կը գթայ իրմէ վախցողներուն վրայ։
14Վասն զի ան գիտէ մեր կազմուածքը, Կը յիշէ թէ մենք հող ենք։
15Մարդուն օրերը խոտի պէս են, Դաշտի ծաղիկի պէս կը ծաղկին։
16Վասն զի հովը անոր վրայէն կ’անցնի ու ան կ’ոչնչանայ Եւ ա՛լ անոր տեղը չի ճանչնար զանիկա։
17Բայց Տէրոջը ողորմութիւնը յաւիտեանս յաւիտենից իրմէ վախցողներուն վրայ է Ու անոր արդարութիւնը՝ որդիներուն որդիներուն վրայ.
18Անոնց վրայ է ՝ որոնք կը պահեն անոր ուխտը Եւ կը յիշեն անոր պատուիրանքները եւ կը կատարեն։
19Տէրը իր աթոռը երկնքի մէջ հաստատեց։ Անոր թագաւորութիւնը ամենուն վրայ կը տիրէ։
20Օրհնեցէ՛ք Տէրը, ո՛վ հրեշտակներ, որ ուժով զօրաւոր էք, Որ անոր խօսքին ձայնը լսելով՝ իր հրամանը կը կատարէք։
21Օրհնեցէ՛ք Տէրը, ո՛վ անոր բոլոր զօրքեր, Անոր կամքը կատարող պաշտօնեաներ։
22Օրհնեցէ՛ք Տէրը, ո՛վ անոր բոլոր գործեր, Անոր տէրութեանը ամէն տեղերուն մէջ. Օրհնէ՛ Տէրը, ո՛վ իմ անձս։