1Իմաստութիւնը իր տունը շինեց Ու իր եօթը սիւները կանգնեցուց,
2Իր անասունները մորթեց, իր գինին խառնեց Ու իր սեղանը պատրաստեց։
3Անիկա իր աղախինները ղրկեց, Որ քաղաքին բարձր տեղերը կանչեն.
4«Ով որ պարզամիտ է, թող հոս գայ»։ Ու պակասամիտ եղողին ըսեն.
5«Եկէ՛ք, իմ հացէս կերէ՛ք Ու խառնած գինիէս խմեցէ՛ք։
6Յիմարութիւնը թողուցէ՛ք, որպէս զի ապրիք Ու խոհեմութեան ճամբուն մէջ քալեցէ՛ք»։
7Ծաղրողը յանդիմանողը՝ իրեն անարգանք Ու ամբարիշտը խրատողը իրեն արատ կը վաստկի։
8Ծաղրողը մի՛ յանդիմաներ, որ չըլլայ թէ քեզի թշնամի ըլլայ։ Իմաստունը յանդիմանէ՛ ու քեզ պիտի սիրէ։
9Իմաստունին խրատ տո՛ւր եւ աւելի իմաստուն պիտի ըլլայ։ Արդար մարդուն սորվեցուր ու իր իմաստութիւնը պիտի աւելցնէ։
10Իմաստութեան սկիզբը Տէրոջը վախն է Ու ամենասուրբին գիտութիւնը հանճար է։
11Վասն զի քու օրերդ ինծմով պիտի շատնան Եւ քու կեանքիդ տարիները պիտի աւելնան։
12Եթէ իմաստուն ես, քեզի համար իմաստուն ես Ու եթէ կը ծաղրես, անոր պատիժը միայն դուն պիտի կրես։
13Անզգամ կինը աղաղակող կ’ըլլայ, Անիկա անմիտ է ու բան չի գիտեր։
14Քաղաքին բարձր տեղերը, Իր տանը դուռը աթոռի վրայ կը նստի,
15Որպէս զի իրենց ճամբան շիտակ գացող Անցորդները կանչէ։
16«Ո՛վ որ պարզամիտ է, թող հոս գայ» Ու պակասամիտ եղողին կ’ըսէ.
17«Գողցուած ջուրերը անոյշ են Եւ գաղտնի կերուած հացը համով կ’ըլլայ»։
18Բայց անիկա չի գիտեր թէ այն տեղը մեռելներ կան Ու անոր հրաւիրած մարդիկը դժոխքին անդունդներուն մէջ են։