Proverbs 7WARMB

1Որդեա՛կ իմ, պահէ՛ իմ խօսքերս Ու իմ պատուիրանքներս քու քովդ ծածկէ։

2Իմ պատուիրանքներս պահէ որպէս զի ապրիս Ու իմ օրէնքիս քու աչքերուդ բիբին պէս նայէ՛ ։

3Զանոնք մատերուդ վրայ կապէ, Զանոնք սրտիդ տախտակին վրայ գրէ՛։

4Իմաստութեան ըսէ. «Դուն իմ քոյրս ես» Ու հանճարը «Բարեկամ» կոչէ,

5Որպէս զի քեզ օտար կնոջմէն, Շողոքորթութեամբ խօսող օտար կնոջմէն, պահեն։

6Վասն զի իմ տանս պատուհանէն, Իմ վանդակէս նայեցայ

7Եւ անմիտներուն մէջ տեսայ ու Երիտասարդներուն մէջ պակասամիտ պատանի մը գտայ,

8Որ փողոցին մէջ այն կնոջ տանը անկիւնին քովէն կ’անցնէր Ու անոր տանը ճամբան բռնեց։

9Երբ իրիկուն եղաւ, օրը տարաժամեցաւ Ու գիշերուան մութը տիրեց։

10Ահա անոր առջեւ կին մը ելաւ, Անիկա պոռնիկի կերպարանք ու նենգաւոր սիրտ մը ունէր։

11Անիկա աղաղակող ու անզգամ էր Ու անոր ոտքերը իր տանը մէջ չէին կենար,

12Երբեմն՝ դուրսը, երբեմն՝ հրապարակները Եւ ամէն անկիւնի քով դարանամուտ կ’ըլլար։

13Զանիկա բռնեց, համբուրեց Ու լիրբ երեսով անոր ըսաւ.

14«Իմ քովս խաղաղութեան զոհեր կան, Ես այսօր իմ ուխտերս կատարեցի։

15Անոր համար ելայ քեզ դիմաւորելու, Քու երեսդ փնտռելու ու քեզ գտայ։

16Իմ անկողինս ծածկոցներով զարդարեր եմ, Եգիպտոսի ծաղկանկար բեհեզով։

17Անկողնիս վրայ զմուռս, Հալուէ ու կինամոն ցաներ եմ։

18Եկուր մինչեւ առտու սիրով զուարճանանք Ու ցանկութիւններով զբօսնունք

19Վասն զի ամուսինս տունը չէ, Անիկա հեռու ճամբայ գնաց։

20Ստակին քսակը իրեն հետ առաւ Եւ լուսնին լրման՝ ՝ օրը տուն պիտի դառնայ»։

21Այսպէս իր շատ խօսքերովը զանիկա հրապուրեց Ու իր շրթունքներուն շողոքորթութիւնովը զանիկա գրաւեց։

22Երիտասարդն ալ շիտակ կնոջ ետեւէն, Սպանդանոց գացող արջառի պէս, Պատժուելու գացող կապուած յիմարի մը պէս կ’երթայ,

23Մինչեւ որ նետը անոր լեարդը ծակէ, Ինչպէս թռչուն մը արտորալով դէպի ծուղակը կ’երթայ Ու չի գիտեր թէ դէպի իր անձին կորուստը կ’երթայ։

24Հիմա, ո՛վ որդիներ, ինծի մտի՛կ ըրէք Ու իմ բերնիս խօսքերուն ականջ դրէք։

25Քու սիրտդ դէպի անոր ճամբաները թող չխոտորի Եւ անոր շաւիղներուն մէջ թող չմոլորի։

26Վասն զի անիկա շատերը խոցոտեց ու կործանեց Ու անոր բոլոր մեծցուցած մարդիկը զօրաւոր էին։

27Անոր տունը դժոխքին ճամբան է, Ան մահուան շտեմարանները կ’իջնէ։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Proverbs 7.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.