Proverbs 22WARMB

1Բարի անունը շատ հարստութենէն աւելի ընտիր է Ու շնորհքը արծաթէն ու ոսկիէն աղէկ է։

2Հարուստն ու աղքատը իրարու կը հանդիպին, Ամէնքը ստեղծողը Տէրն է։

3Խորագէտը չարիքը կը տեսնէ ու կը զգուշանայ, Բայց միամիտները առաջ կ’անցնին ու կը վնասուին։

4Խոնարհութիւնը եւ Տէրոջը երկիւղին վախճանը Հարստութիւն, փառք ու կեանք են։

5Ծուռ մարդուն ճամբուն մէջ փուշեր ու որոգայթներ կան Ուստի իր հոգին պահողը՝ անոնցմէ հեռու պիտի կենայ։

6Կրթէ՛ մանուկը իր ճամբան սկսած ատենը՝ ՝, Որպէս զի իր ծերութեան ատենն ալ անկէ չխոտորի։

7Հարուստը աղքատներուն վրայ կը տիրէ Ու փոխ առնողը փոխ տուողին ծառայ կ’ըլլայ։

8Չարութիւն ցանողը ունայնութիւն կը հնձէ Եւ անոր բարկութեան գաւազանը պիտի կորսուի։

9Աղէկ աչք ունեցողը օրհնեալ կ’ըլլայ, Վասն զի իր հացէն աղքատին կու տայ։

10Ծաղրողը եթէ վռնտես, կռիւը կ’անցնի Ու վէճը եւ անարգանքը կը դադրին։

11Սրտի մաքրութիւն սիրողին շրթունքներուն վրայ շնորհք կայ Ու թագաւորը անոր բարեկամ կ’ըլլայ։

12Տէրոջը աչքերը գիտութիւնը կը պահպանեն, Բայց ինք անօրէնին խօսքերը կ’աւրէ։

13Ծոյլը կ’ըսէ. «Դուրսը առիւծ կայ, Հրապարակին մէջ պիտի մեռցուիմ»։

14Օտար կիներուն բերանը խորունկ փոս է, Տէրոջը ատելի եղողը հոն կ’իյնայ։

15Մանուկին սրտին մէջ յիմարութիւնը կապուած է. Խրատի գաւազանը զանիկա կը հեռացնէ անկէ։

16Իր ստացուածքը շատցնելու համար աղքատին զրկանք ընողը Ու հարուստին տուողը՝ անշուշտ կարօտութեան պիտի մատնուի։

17Ականջդ ծռէ ու իմաստուններուն խօսքերուն մտիկ ըրէ Եւ քու սիրտդ իմ գիտութեանս տուր.

18Վասն զի եթէ անոնք քու սրտիդ մէջ պահես, հաճելի բան է, Անոնք քու շրթունքներուդ վրայ ալ պիտի հաստատուին։

19Ահա քեզի այս բաները այսօր իմացուցի, Որպէս զի քու ապաւէնդ Տէրը ըլլայ։

20Միթէ ես քեզի երեսուն խրատներ Ու գիտութիւն չգրեցի՞,

21Որպէս զի քեզի ճշմարիտ խօսքերուն ստուգութիւնը ցուցնեմ, Որպէս զի քեզի հարցնողներուն ճշմարիտ խօսքերով պատասխան տաս։

22Աղքատը մի՛ կողոպտեր իր աղքատութեանը համար Ու տնանկը դատաստանի մէջ մի՛ անարգեր։

23Վասն զի Տէրը անոնց իրաւունքը պիտի պաշտպանէ Եւ զանոնք կողոպտողներուն հոգին պիտի կողոպտէ։

24Բարկացող մարդուն հետ ընկերութիւն մի՛ ըներ Ու ցասկոտ մարդուն հետ մի՛ երթար.

25Որպէս զի չըլլայ թէ անոր ճամբաները սորվիս Եւ դուն քեզ որոգայթի մէջ ձգես։

26Գրաւական տուողներէն մի՛ ըլլար, Ոչ ալ ՝ պարտքի համար երաշխաւոր եղողներէն։

27Եթէ վճարելու կարողութիւն չունիս, Ինչո՞ւ համար տակէդ քու անկողինդ առնեն։

28Տեղէն մի՛ շարժեր հին սահմանին նշանը, Որ քու հայրերդ դրեր են։

29Իր գործին մէջ ժիր մարդ մը կը տեսնե՞ս, Անիկա թագաւորներուն առջեւ պիտի կենայ, Բայց աննշան մարդոց առջեւ պիտի չկենայ։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Proverbs 22.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.