Proverbs 15WARMB

1Մեղմ պատասխանը սրտմտութիւնը կ’իջեցնէ, Բայց խիստ խօսքը բարկութիւնը կը գրգռէ։

2Իմաստուններուն լեզուն գիտութիւնը հաճելի կը դարձնէ, Բայց անմիտներուն բերանէն յիմարութիւն կը բղխի։

3Տէրոջը աչքերը ամէն տեղ Չարերն ու բարիները կը դիտեն։

4Խաղաղասէր լեզուն կենաց ծառ է, Բայց խռովարար լեզուն սիրտ կը կոտրէ։

5Յիմարը իր հօրը խրատը կ’անարգէ, Բայց յանդիմանութեան հնազանդողը խելացի կ’ըլլայ։

6Արդարին տունը մեծ գանձ կայ, Բայց ամբարշտին եկամուտներուն մէջ խռովութիւն կայ։

7Իմաստուններուն շրթունքները գիտութիւն կը տարածեն, Բայց յիմարներուն սիրտը այնպէս չէ։

8Ամբարիշտներուն զոհը Տէրոջը առջեւ պիղծ է, Բայց ուղիղներուն աղօթքը անոր ընդունելի է։

9Տէրը ամբարշտին ճամբայէն կը զզուի, Բայց արդարութեան հետեւողը կը սիրէ։

10Ուղիղ ճամբան մերժողին գէշ պատիժ կ’ըլլայ ՝ ՝ Ու յանդիմանութիւնը ատողը պիտի մեռնի։

11Դժոխքն ու կորուստը Տէրոջը առջեւն են, Ո՜րչափ աւելի մարդոց որդիներուն սրտերը։

12Մեծամիտը զինք յանդիմանողը չի սիրեր Եւ իմաստուններուն քով չերթար։

13Ուրախ սիրտը երեսը կը զուարթացնէ, Բայց սրտին տրտմութենէն հոգին կը ճնշուի։

14Հանճարեղ սիրտը գիտութիւն կը փնտռէ, Բայց անմիտներուն բերանը յիմարութեամբ կը սնանի։

15Վշտալից մարդուն բոլոր օրերը գէշ են, Բայց ուրախ սիրտը մշտնջենական կոչունքի մէջ է։

16Աւելի աղէկ է քիչ բանը Տէրոջը վախովը, Քան թէ մեծ գանձը՝ խռովութիւնով։

17Աւելի աղէկ է սէր եղած տեղը խոտեղէն կերակուրը, Քան թէ գէր զուարակը՝ ատելութիւնով։

18Բարկասիրտ մարդը վէճ կը հանէ, Բայց երկայնամիտը կռիւը կը դադրեցնէ։

19Ծոյլին ճամբան փշեղէն ցանկի պէս է, Բայց ուղիղներուն ճամբան բանուկ է։

20Իմաստուն տղան իր հայրը կ’ուրախացնէ, Բայց անմիտը իր մայրը կ’անարգէ։

21Պարզամիտ մարդուն՝ յիմարութիւնը զբօսանք է, Բայց իմաստուն մարդը կ’ուղղէ իր ընթացքը։

22Առանց խորհուրդի՝ դիտաւորութիւնները կը ցրուին, Բայց խորհրդատուներու շատութիւնովը կը հաստատուին։

23Մարդ իր բերնին պատասխանովը կ’ուրախանայ։ Ճիշդ ժամուն ըսուած խօսքը որչա՜փ գեղեցիկ է։

24Կեանքի ճամբան խոհեմ մարդը դէպի վեր կը տանի, Որպէս զի վարի դժոխքէն հեռանայ։

25Տէրը հպարտներուն տունը կը կործանէ, Բայց որբեւարիին սահմանը կը հաստատէ։

26Չար մարդուն խորհուրդները Տէրոջը առջեւ պիղծ են, Բայց պարկեշտներուն խօսքերը հաճելի են։

27Ագահութեան անձնատուր եղողը իր տունը խռովութեան մէջ կը ձգէ, Բայց կաշառքներէ զզուողը պիտի ապրի։

28Արդարին սիրտը տրուելիք պատասխանին վրայ կը մտածէ Բայց ամբարիշտներուն բերանէն չարիք կը բղխի։

29Տէրը ամբարիշտներէն հեռու է, Բայց արդարներուն աղօթքը կը լսէ։

30Աչքերուն լոյսը սիրտը կ’ուրախացնէ, Բարի լուրը ոսկորները կը գիրցնէ։

31Կեանքի յանդիմանութիւնը լսող ականջը Իմաստուններուն մէջ պիտի բնակի։

32Խրատ մերժողը իր հոգին կ’անարգէ, Բայց յանդիմանութեան մտիկ ընողը խելք կը վաստկի։

33Տէրոջը վախը իմաստութեան խրատն է Ու փառքին առջեւէն խոնարհութիւնը կ’երթայ ։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Proverbs 15.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.