1Երբ Սանաբաղատը լսեց, որ մենք պարիսպը կը շինենք, սիրտը նեղացաւ ու շատ սրդողելով Հրեաները ծաղր ըրաւ։
2Իր եղբայրներուն ու Սամարիայի զօրքին առջեւ խօսեցաւ ու ըսաւ. «Այս տկար Հրեաները ի՞նչ կը շինեն. միթէ թոյլտուութիւն կա՞յ. միթէ զո՞հ պիտի մատուցանեն ու այսօ՞ր լմնցնեն։ Միթէ այրուած քարերը փոշիի դէզերէն պիտի կենդանացնե՞ն»։
3Ամմոնացի Տուբիան, որ անոր քով էր, ըսաւ. «Եթէ աղուէս մըն ալ ելլէ անոնց շինածին վրայ, անոնց քարէ պարիսպը պիտի փլցնէ»։
4Ո՛վ մեր Աստուածը, լսէ՛, վասն զի նախատուեցանք ու անոնց նախատինքը իրենց գլուխը դարձուր ու զանոնք գերութեան երկրի մէջ աւարառութեան մատնէ
5Եւ անոնց անօրէնութիւնը մի՛ ծածկեր ու քու առջեւէդ անոնց մեղքը մի՛ ջնջեր. քանզի շինողներուն առջեւ քեզ բարկացուցին։
6Մենք պարիսպը շինեցինք ու բոլոր պարիսպը մինչեւ կէսը հասաւ. վասն զի ժողովուրդը գործելու սիրտ ունէր։
7Երբ Սանաբաղատն ու Տուբիան եւ Արաբացիներն ու Ամմոնացիները ու Ազովտացիները լսեցին, թէ Երուսաղէմի պարիսպներուն նորոգութիւնը յառաջ կ’երթայ ու փլած տեղերը սկսեր են շինուիլ, շատ սրդողեցան
8Եւ ամէնքը համաձայնեցան, որ գան Երուսաղէմի դէմ պատերազմին ու անոր վնասեն,
9Բայց մենք մեր Աստուծոյն աղօթքը ըրինք ու մեզ անոնցմէ պաշտպանուելու համար ՝ ՝ ցորեկ ու գիշեր պահապաններ դրինք։
10Յուդան ըսաւ. «Բեռնակիրներուն ոյժը հատաւ ու հողը շատ է. մենք պիտի չկրնանք պարիսպը շինել»։
11Ու մեր թշնամիները կ’ըսէին. «Թող չգիտնան ու չտեսնեն, մինչեւ մենք անոնց մէջ մտնենք ու զանոնք մեռցնենք եւ անոնց գործը խափանենք»։
12Բայց անոնց քով բնակող Հրեաները մեզի եկան եւ տասը անգամ մեզի ըսին. «Ամէն կողմէ, ուր որ կը բնակին, մեր վրայ պիտի յարձակին »։
13Ուստի ցած տեղերը՝ պարսպին ետեւը ու բարձր տեղերը՝ ՝ ժողովուրդը իրենց ազգատոհմերուն համեմատ բաժնելով կեցուցի ու իրենց սուրերովը, նիզակներովն ու աղեղներովը կեցուցի։
14Նայեցայ ու ելայ եւ իշխաններուն ու ոստիկաններուն ու մնացած ժողովուրդին ըսի. «Անոնց երեսէն մի՛ վախնաք. յիշեցէ՛ք Տէրը, որ մեծ ու ահեղ է եւ ձեր եղբայրներուն, տղաքներուն, աղջիկներուն, կիներուն ու տուներուն համար պատերազմեցէ՛ք»։
15Ահա մեր թշնամիները լսեցին, թէ մենք իմացեր ենք եւ Աստուած իրենց խորհուրդը խափանեց, մենք ամէնքս պարիսպը շինել սկսանք, ամէն մէկը իր գործին։
16Այն օրէն ի վեր իմ մարդոցս կէսը կ’աշխատէին ու կէսն ալ նիզակներ, ասպարներ, աղեղներ ու զրահներ կը բռնէին ու իշխանները Յուդայի բոլոր ազգատոհմերուն ետեւը կը կենային ։
17Պարիսպը շինողներն ու բեռնակիրները ու բեռցնողները, ամէն մէկը իր մէկ ձեռքովը կ’աշխատէր ու միւս ձեռքովը զէնքը կը բռնէր։
18Շինողներէն իւրաքանչիւրը իր սուրը մէջքը կապած՝ կը գործէր ու փողահարը իմ քովս էր։
19Ազնուականներուն ու ոստիկաններուն ու մնացած ժողովուրդին ըսի. « Այս գործը մեծ ու ընդարձակ է ու մենք պարսպին վրայ ցրուած ենք եւ իրարմէ հեռու ենք.
20Ուստի փողին ձայնը երբ որ լսէք, մեր հաւաքատեղին հաւաքուեցէք. մեզի համար մեր Աստուածը պատերազմ պիտի ընէ»։
21Մենք այսպէս մեր գործը կ’ընէինք եւ ժողովուրդին կէսը, արշալոյսին ծագած ատենէն մինչեւ աստղերուն երեւցած ատենը, նիզակներ բռնած կը կենային։
22Այն ատեն ժողովուրդին ըսի. «Ամէն մարդ իր ծառային հետ գիշերները Երուսաղէմի մէջ թող մնայ, որպէս զի գիշերը մեզի համար պահպանութիւն ընէ ու ցորեկը գործէ»։
23Ես ու իմ եղբայրներս եւ իմ ծառաներս ու իմ ետեւէս եկող պահապան մարդիկը ամենեւին մեր հանդերձները չէինք հաներ՝ բացի լուացուելու ատենէն՝ ՝։