1Հիմա Տէրոջը ըսածը լսեցէ՛ք։ «Ելի՛ր ու լեռներուն առջեւ դատ վարէ՛ Եւ բլուրները քու ձայնդ թող լսեն»։
2«Ո՛վ լեռներ ու երկրի ամուր հիմեր, Տէրոջը դատը լսեցէ՛ք, Քանզի Տէրը իր ժողովուրդին հետ դատ ունի Ու Իսրայէլին հետ պիտի վիճի»։
3«Ո՛վ իմ ժողովուրդս, քեզի ի՞նչ ըրի Ու ի՞նչ բանով քեզ յոգնեցուցի. Ինծի պատասխան տո՛ւր,
4Վասն զի քեզ Եգիպտոսէն հանեցի Ու ծառայութեան տունէն քեզ փրկեցի Եւ քու առջեւէդ Մովսէսը, Ահարոնն ու Մարիամը ղրկեցի։
5Ո՛վ իմ ժողովուրդս, միտքդ բե՛ր Ինչ որ Մովաբացիներու Բաղակ թագաւորը խորհեցաւ Ու ինչ որ Բէովրեան Բաղաամը անոր պատասխանեց Եւ ինչ որ եղաւ Սատիմէն մինչեւ Գաղգաղա, Որպէս զի Տէրոջը արդարութիւնը գիտնաս»։
6«Տէրոջը առջեւ ինչո՞վ երթամ Ու Բարձրեալ Աստուծոյն առջեւ իյնամ. Արդեօք անոր առջեւ ողջակէզներո՞վ, Մէկ տարեկան հորթերո՞վ երթամ։
7Արդեօք Տէրը հազարաւոր խոյերու Կամ բիւրաւոր իւղի գետերու պիտի հաւնի՞. Արդեօք իմ յանցանքիս համար իմ անդրանի՞կս Ու հոգիիս մեղքին համար որովայնիս պտո՞ւղը տամ»։
8Քեզի յայտնեց, ո՛վ մարդ, թէ ի՛նչ է աղէկը Ու Տէրը քեզմէ ի՛նչ կը պահանջէ, Բայց միայն իրաւունք ընել, ողորմութիւն սիրել Ու խոնարհութիւնով քու Աստուծոյդ հետ քալել։
9Տէրոջը ձայնը քաղաքին կը կանչէ Ու իմաստունը քու անունդ պիտի տեսնէ. «Գաւազանին մտիկ ըրէ՛ք, որ զայն կը պատրաստէ»։
10Անօրէնին տանը մէջ տակաւին անօրէնութեան գանձեր կա՞ն Ու պակաս արդու՝ որ պիղծ է։
11Միթէ անօրէնութեան կշիռներ Ու խարդախ քարերու քսակ ունեցողը մաքուր պիտի սեպե՞մ։
12Քանզի անոր հարուստները զրկանքով լեցուն են Եւ անոր բնակիչները սուտ կը խօսին Ու իրենց բերնին մէջ նենգաւոր լեզու ունին։
13Ուստի ես ալ քեզ զարնելով պիտի հիւանդացնեմ Եւ քու մեղքերուդ համար քեզ պիտի ամայացնեմ։
14Դուն պիտի ուտես ու պիտի չկշտանաս Եւ քու անօթութիւնդ փորիդ մէջ պիտի ըլլայ։ Պիտի յափշտակես, բայց պիտի չկարենաս ազատել Ու ազատածդ սուրի պիտի մատնեմ։
15Դուն պիտի սերմանես, բայց պիտի չհնձես. Դուն ձիթապտուղ պիտի կոխես, բայց իւղով պիտի չօծուիս. Քաղցու պիտի պատրաստես, բայց գինի պիտի չխմես։
16Քանզի Ամրիին հրամանները կը պահուին Եւ Աքաաբին տանը բոլոր գործերը Եւ դուք անոնց խորհուրդներովը կը քալէք, Որպէս զի քեզ ամայացնեմ Եւ քու բնակիչներդ՝ սուլելու ենթակայ. Ուստի իմ ժողովուրդիս նախատինքը պիտի կրէք»։