1Տէրոջը խօսքը, որ Յուդայի թագաւորներուն, Յովաթամին, Աքազին ու Եզեկիային օրերը Մօրստացի Միքիային եղաւ եւ Սամարիայի ու Երուսաղէմի վրայով անոր յայտնուեցաւ.
2«Լսեցէ՛ք, ո՛վ բոլոր ժողովուրդներ, Մտիկ ըրէ՛ք, ո՛վ երկիր ու անոր բոլոր բնակիչներ՝ ՝։ Տէր Եհովան ձեզի դէմ վկայ ըլլայ, Տէրը՝ ինք իր սուրբ տաճարէն։
3Քանզի ահա Տէրը իր տեղէն պիտի ելլէ Եւ պիտի իջնէ ու երկրի բարձր տեղերուն վրայ պիտի պտըտի։
4Լեռները անոր տակ պիտի շարժին, Հովիտները պիտի հալին՝ Կրակին առջեւ հալած մոմի պէս Ու զարիվառէն թափուած ջուրի պէս։
5Այս բոլորը պիտի ըլլան Յակոբին յանցանքին համար Ու Իսրայէլին տանը մեղքին համար։ Յակոբին յանցանքին պատճառը ո՞վ է. Սամարիան չէ՞։ Եւ Յուդային բարձր տեղերուն յանցանքին պատճառը ո՞վ է. Երուսաղէմը չէ՞։
6Ուստի Սամարիան դաշտի քարակոյտի Ու այգի տնկելու տեղի պիտի վերածեմ, Անոր քարերը ձորին մէջ պիտի գլորեմ Ու անոր հիմերը պիտի բանամ։
7Անոր բոլոր կուռքերը պիտի կոտրտին Ու անոր բոլոր նուիրուած բաները կրակով պիտի այրին։ Անոր բոլոր արձանները բնաջինջ պիտի ընեմ. Քանզի անոնք պոռնկատունի մը վարձքով հաւաքեց Ու անոնք պոռնկատուն պիտի դառնան։
8Ասոր համար պիտի ողբամ ու պիտի հառաչեմ, Անծածկոյթ ու մերկ պիտի շրջիմ. Չագալներու պէս՝ կոծ ու ջայլամներու պէս՝ սուգ պիտի ընեմ։
9Քանզի անոր վէրքերը անբուժելի են, Քանզի մինչեւ Յուդա եկաւ, Մինչեւ իմ ժողովուրդիս՝ դուռը, մինչեւ Երուսաղէմ հասաւ։
10Գէթի մէջ մի՛ պատմէք ու բնաւ մի՛ լաք։ Բեթափրայի մէջ փոշիի մէջ թաւալէ։
11Ո՛վ Սափիրի բնակիչ, քու մերկութիւնդ բանալով անցի՛ր. Սաանանի բնակիչ, դուրս մի՛ ելլեր, Բեթեսելի կոծը իր օթեւանը ձեզմէ պիտի հեռացնէ։
12Վասն զի Մարօթի բնակիչները անձկութեամբ կը սպասեն, Քանզի մինչեւ Երուսաղէմի դուռը Տէրոջմէ չարիք իջաւ։
13Երիվարը կառքին լծէ՛, ո՛վ Լաքիսի բնակիչ Սիօնի աղջկան մեղքին սկիզբը ասիկա է. Քանզի Իսրայէլի յանցանքները քու մէջդ գտնուեցան։
14Անոր համար Մօրեսեթ-Գէթին ընծաներ պիտի տաս. Աքեզիբի տուները Իսրայէլի թագաւորներուն սուտ պիտի խօսին։
15Տակաւին քեզի ժառանգ պիտի բերեմ, ո՛վ Մարեսայի բնակիչ. Իսրայէլի փառքը մինչեւ Ոդողոմ պիտի հասնի։
16Քու սիրելի որդիներուդ համար մազերդ փետտէ՛ ու կտրէ՛, Կնտութիւնդ արծիւի պէս շատցուր, Քանզի անոնք քեզմէ գերութեան պիտի երթան։