Malachi 2WARMB

1«Այս պատուէրը ձեզի է, ո՛վ քահանաներ։

2Եթէ մտիկ չընէք, Եթէ ձեր սրտին մէջ չդնէք Իմ անուանս պատիւ տալ, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը, Այն ատեն ձեզի անէծք պիտի ղրկեմ, Ձեր օրհնութիւնները պիտի անիծեմ։ Այո՛, զանոնք արդէն անիծեր եմ, Քանզի դուք ձեր սրտին մէջ չէք դներ։

3Ահա ես ձեր սերունդը պիտի յանդիմանեմ, Ձեր երեսին վրայ՝ աղբ, Ձեր տօներուն աղբը պիտի ցանեմ, Որ ձեզ իրեն հետ տանի։

4Այն ատեն պիտի գիտնաք թէ ես ձեզի ղրկեցի այս պատուէրը, Որպէս զի իմ ուխտս Ղեւիին հետ ըլլայ, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։

5Իմ ուխտս անոր հետ էր՝ կեանքի ու խաղաղութեան համար։ Զանոնք անոր տուի այն երկիւղին փոխարէն ՝ Որով ինծմէ կը վախնար Ու իմ անուանս երեսէն կը սարսափէր։

6Ճշմարտութեան օրէնքը անոր բերնին մէջ էր, Անոր շրթունքներուն մէջ անիրաւութիւն չգտնուեցաւ. Ինծի հետ խաղաղութեամբ եւ ուղղութեամբ կը քալէր, Շատերը անօրէնութենէ դարձուց։

7Քահանային շրթունքները գիտութիւն պահելու են, Մարդիկ անոր բերնէն օրէնք փնտռելու են, Քանզի անիկա զօրքերու Տէրոջը դեսպանն է։

8Բայց դուք ճամբայէն խոտորեցաք. Շատերը օրէնքին մէջ գայթակղեցուցիք, Ղեւիին ուխտը աւրեցիք, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։

9Ուստի ես ալ ձեզ բոլոր ժողովուրդին առջեւ անարգեցի ու ցածցուցի, Քանի որ դուք իմ ճամբաներս չպահեցիք, Օրէնքին մէջ աչառութիւն ըրիք։

10Միթէ ամէնքը մէկ հայր չունի՞ն, Միթէ մէկ Աստուած չստեղծե՞ց մեզ։ Ինչո՞ւ համար մեր հայրերուն ուխտը աւրելով՝ Մեզմէ ամէն մէկը իր եղբօրը նենգութիւն կ’ընէ։

11Յուդան նենգութիւն ըրաւ։ Իսրայէլի մէջ ու Երուսաղէմի մէջ պղծութիւն գործուեցաւ։ Յուդան պղծեց Տէրոջը սրբարանը, որ ինք կը սիրէր Եւ օտար աստուծոյ աղջկանը այր եղաւ։

12Տէրը Յակոբին վրաններէն բնաջինջ պիտի ընէ այս բանը ընող մարդը, Արթուն եղողն ու պատասխան տուողը Եւ զօրքերու Տէրոջը ընծայ մատուցանողը։

13Դարձեալ ասիկա ըրիք։ Տէրոջը սեղանը արցունքներով, Լացով ու ողբով ծածկեցիք։ Այնպէս որ Անիկա անգամ մըն ալ ընծային չի նայիր, Որ զանիկա ձեր ձեռքէն հաճութեամբ ընդունի։

14Բայց դուք ըսիք. ‘Ինչո՞ւ’։ Անոր համար որ Տէրը վկայ եղաւ քու եւ քու երիտասարդութեանդ կնոջ միջեւ, Որուն հետ անհաւատարմութեամբ վարուեցար։ Անիկա քու ընկերդ ու քու ուխտիդ կինն է։

15Եւ մէկը չըրա՞ւ, որ Հոգիին առատութիւնը ունէր. Այն մէկը ի՞նչ կը փնտռէր։ Աստուծոյ սերունդը։ Ուրեմն ձեր հոգիին զգուշութիւն ըրէք, Ձեզմէ ոեւէ մէկը իր երիտասարդութեան կնոջ հետ անհաւատարմութեամբ թող չվարուի։

16Քանզի Իսրայէլի Տէր Աստուածը կ’ըսէ, թէ Ինք կ’ատէ կին արձակելը՝ ՝. «Բայց մարդը իր հանդերձովը զրկանքը կը ծածկէ, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը. Ուստի ձեր հոգիին զգուշութիւն ըրէք ու անհաւատարիմ մի՛ ըլլաք»։

17«Ձեր խօսքովը Տէրը ձանձրացուցիք։ Բայց դուք կ’ըսէք. ‘Ինչո՞վ ձանձրացուցինք’։ Այսպէս ըսելով. ‘Ամէն չարութիւն ընողը Տէրոջը աչքերուն առջեւ հաճոյ է Ու ինք անոնց կը հաւնի’, Կամ թէ ‘Դատաստան ընող Աստուածը ո՞ւր է’։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Malachi 2.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.