Leviticus 12WARMB

1Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.

2«Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ՛. Եթէ կին մը սերմ առնէ ու արու զաւակ ծնանելու ըլլայ, եօթը օր անմաքուր պիտի ըլլայ. իր դաշտանին համար զատուելու օրերուն համեմատ անմաքուր պիտի ըլլայ։

3Եւ ութերորդ օրը տղուն անթլփատութեան մարմինը պիտի թլփատուի։

4Անիկա իր մաքրուելուն արիւնովը երեսունըերեք օր պիտի նստի ու մինչեւ իր մաքրուելու օրերուն լմննալը՝ բնաւ սուրբ բանի մը պիտի չդպչի, ո՛չ ալ սրբարանը մտնէ։

5Բայց եթէ անիկա աղջիկ ծնանալեու ըլլայ, երկու շաբաթ անմաքուր պիտի ըլլայ իր դաշտանի ժամանակին պէս եւ վաթսունըվեց օր իր մաքրուելուն արիւնովը պիտի նստի։

6«Երբ տղայ կամ աղջիկ զաւկի համար իր մաքրուելու օրերը լմննան, վկայութեան խորանին դուռը ողջակէզի համար մէկ տարեկան գառ ու մեղքի պատարագի համար աղաւնիի ձագ մը կամ տատրակ մը պէտք է բերէ քահանային,

7Որ մատուցանէ Տէրոջը ու քաւութիւն ընէ անոր համար եւ անիկա իր արիւնին աղբիւրէն պիտի մաքրուի։ Արու կամ էգ զաւակ ծնանողին օրէնքը այս է։

8Եւ եթէ գառ բերելու կարող չըլլայ, երկու տատրակ կամ աղաւնիի երկու ձագ թող առնէ, մէկը ողջակէզի ու միւսը մեղքի պատարագի համար եւ քահանան քաւութիւն թող ընէ անոր համար ու անիկա մաքրուի»։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Leviticus 12.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.