Lamentations 5WARMB

1Մեզի եղածը յիշէ՛, ո՛վ Տէր, Նայէ՛ ու մեր նախատինքը տե՛ս։

2Մեր ժառանգութիւնը օտարներուն անցաւ, Մեր տուները՝ օտարազգիներուն։

3Հայր չունեցող որբեր եղանք, Մեր մայրերը որբեւարիներու պէս են։

4Մեր ջուրը ստակով խմեցինք, Մեր փայտը ծախու կ’առնենք։

5Լուծը մեր պարանոցին վրայ ըլլալով կը հալածուինք, Կ’աշխատինք ու հանգստութիւն չունինք։

6Հացով կշտանալու համար Դէպի Եգիպտոս ու Ասորեստան ձեռք երկնցուցինք։

7Մեր հայրերը մեղք գործեցին եւ չկան Ու անոնց անօրէնութիւններուն պատիժը մենք կը կրենք։

8Ծառաներ տիրեցին մեր վրայ, Անոնց ձեռքէն մեզ ազատող չկայ։

9Անապատի սուրին երեսէն Մեր հացը՝ մեր կեանքը վտանգելով ձեռք բերինք.

10Սովին սաստկութեանը պատճառով Մեր մորթը փուռի պէս տաքցաւ։

11Կիները Սիօնի մէջ խայտառակուեցան Ու կոյսերը՝ Յուդայի քաղաքներուն մէջ։

12Իշխանները անոնց ձեռքով՝ ՝ կախուեցան. Ծերերուն պատիւ չըրին։

13Երիտասարդները երկանաքարեր վերցուցին Ու տղաքը փայտի տակ ինկան։

14Ծերերը դադարեցան դուռը նստելէն Ու երիտասարդները՝ իրենց երաժշտութենէն։

15Մեր սրտին ուրախութիւնը դադարեցաւ, Մեր կաքաւելը սուգի փոխուեցաւ։

16Մեր գլխուն թագը ինկաւ. Հիմա վա՜յ մեզի, վասն զի մեղք գործեցինք։

17Ասոր համար մեր սիրտը նուաղած է, Ասոնց պատճառով աչքերնիս խաւարեցան։

18Սիօն՝ լերանը պատճառով, որ ամայի եղաւ։ Անոր վրայ աղուէսներ կը պտըտին։

19Դո՛ւն, ո՛վ Տէր, յաւիտեան կը մնաս. Քու աթոռդ դարէ դար պիտի տեւէ ։

20Ինչո՞ւ համար յաւիտեան մեզ կը մոռնաս Ու երկար ժամանակ մեզ կը թողուս։

21Քեզի դարձո՛ւր մեզ, ո՛վ Տէր ու դառնանք. Մեր օրերը առաջուան պէս նորոգէ՛։

22Սակայն դու բոլորովին մեզ մերժեցիր, Մեր վրայ խիստ շատ բարկացար։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Lamentations 5.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.