1Սամփսոն Թամնաթա իջաւ ու Թամնաթայի մէջ Փղշտացիներու աղջիկներէն կին մը տեսաւ
2Եւ իր տունը դարձաւ ու իր հօրը եւ մօրը պատմեց ու ըսաւ. «Թամնաթայի մէջ Փղշտացիներու աղջիկներէն կին մը տեսայ, զանիկա ինծի կին առէք»։
3Անոր հայրն ու մայրը անոր ըսին. «Միթէ քու եղբայրներուդ աղջիկներուն մէջ ու իմ բոլոր ժողովուրդիս մէջ կին չկա՞յ, որ դուն անթլփատ Փղշտացիներէն կին առնելու պիտի երթաս»։ Բայց Սամփսոն իր հօրը ըսաւ. «Զանիկա ինծի առ, քանզի իմ աչքերուս անիկա հաճելի երեւցաւ»։
4Անոր հայրն ու մայրը չէին գիտեր թէ այս բանը Տէրոջմէն է, քանզի անիկա Փղշտացիներէն առիթ մը կը փնտռէր, քանզի Փղշտացիները Իսրայէլի վրայ կ’իշխէին։
5Սամփսոնն իր հօրը ու մօրը հետ Թամնաթա իջաւ ու մինչեւ Թամնաթայի այգիները գացին եւ ահա առիւծի կորիւն մը մռնչելով անոր դէմը ելաւ։
6Տէրոջը Հոգին անոր վրայ գալով՝ Սամփսոն ուլ մը ճեղքելու պէս առիւծը ճեղքեց։ Ձեռքին մէջ բան մը չկար եւ ըրածը իր հօրն ու մօրը չպատմեց։
7Իջաւ ու կնոջ հետ խօսեցաւ ու կինը Սամփսոնին աչքերուն հաճելի երեւցաւ։
8Ժամանակ մը ետքը, երբ դարձաւ կինը առնելու, առիւծին դիակը տեսնելու համար իր ճամբայէն խոտորեցաւ եւ առիւծին դիակին մէջ մեղուներու գունդ մը կար եւ մեղր։
9Մեղրը առաւ եւ ուտելով քալեց ու իր հօրն ու մօրը գնաց։ Անոնց ալ տուաւ ու կերան. բայց անոնց չըսաւ թէ մեղրը առիւծին դիակէն հանեց։
10Հայրը այն կնոջ քով իջաւ ու Սամփսոն հոն խնճոյք մը ըրաւ, քանզի երիտասարդները այդպէս կ’ընէին։
11Ու երբ զանիկա տեսան, երեսուն ընկեր բերին, որպէս զի անոր հետ ըլլան։
12Սամփսոն անոնց ըսաւ. «Հիմա ձեզի հանելուկ մը պիտի ըսեմ. եթէ զանիկա այս խնճոյքին եօթը օրուանը մէջ ինծի բացատրէք ու գտնէք, ես ալ ձեզի երեսուն շապիկ ու երեսուն ձեռք փոխելու հանդերձ պիտի տամ.
13Բայց եթէ չկարենաք զանիկա ինծի բացատրել, այն ատեն դուք ինծի երեսուն շապիկ ու երեսուն ձեռք փոխելու հանդերձ պիտի տաք»։ Անոնք ըսին. «Քու հանելուկդ մեզի ըսէ՛, որպէս զի լսենք»։
14Անոնց ըսաւ. «Կերողէն կերակուր ելաւ ու հզօրէն անոյշ ելաւ»։ Անոնք այս հանելուկը երեք օրուան մէջ չկրցան լուծել։
15Եօթներորդ օրը Սամփսոնին կնոջը ըսին. «Այրդ խաբէ՛, որպէս զի հանելուկը մեզի բացատրէ, որ չըլլայ թէ քեզ ու քու հօրդ տունը կրակով այրենք։ Մեզ թալլելո՞ւ համար կանչեցիք. այնպէս չէ՞»։
16Սամփսոնի կինը անոր քով լալով՝ ըսաւ. «Անշուշտ դուն զիս կ’ատես ու չես սիրեր. իմ ժողովուրդիս որդիներուն հանելուկ մը ըսիր, բայց ինծի չբացատրեցիր»։ Սամփսոն ըսաւ անոր. «Ահա իմ հօրս ու մօրս ալ չյայտնեցի ու քեզի՞ պիտի յայտնեմ»։
17Բայց կինը իրենց խնճոյքին եօթը օրուանը մէջ անոր քով լացաւ ու Սամփսոն եօթներորդ օրը անոր բացատրեց, քանզի իրեն նեղութիւն կու տար։ Անիկա ալ իր ժողովուրդին որդիներուն բացատրեց հանելուկը։
18Քաղաքին մարդիկը եօթներորդ օրը արեւին մտնելէն առաջ անոր ըսին. «Մեղրէն անոյշ ու առիւծէն զօրաւոր ի՞նչ կայ»։ Անիկա ըսաւ անոնց. «Եթէ դուք իմ երինջովս չհերկէիք, իմ հանելուկս չէիք կրնար գտնել»։
19Տէրոջը Հոգին անոր վրայ եկաւ եւ անիկա Ասկաղոն իջաւ ու անոնցմէ երեսուն մարդ մեռցուց եւ անոնց հանդերձները առաւ ու հանելուկը բացատրողներուն տուաւ եւ սաստիկ բարկանալով իր հօրը տունը դարձաւ։
20Ու Սամփսոնին կինը անոր փեսայութեան ընկերին տրուեցաւ։