1Երբ ժողովուրդը Յորդանանէն անցաւ, Տէրը խօսեցաւ Յեսուին ու ըսաւ.
2«Ժողովուրդէն տասներկու մարդ առէք, ամէն ցեղէ մէկմէկ մարդ
3Ու անոնց պատուիրելով ըսէք. ‘Ասկէ Յորդանանի մէջէն, քահանաներուն ոտքերուն ամուր կեցած տեղէն, ձեզի տասներկու քար վերցուցէք եւ զանոնք ձեզի հետ տարէք ու դրէք այն տեղը՝ ուր այս գիշեր իջեւան պիտի ընէք’»։
4Յեսու Իսրայէլի որդիներէն իր որոշած տասներկու մարդիկը կանչեց, ամէն ցեղէ մէկմէկ մարդ
5Ու Յեսու անոնց ըսաւ. «Յորդանանի մէջ ձեր Տէր Աստուծոյն տապանակին առջեւ անցէք ու Իսրայէլի որդիներուն ցեղերուն թիւովը՝ ամէն մէկդ ձեր ուսերուն վրայ մէկմէկ քար վերցուցէք անկէ.
6Որպէս զի ասիկա ձեր մէջ նշան ըլլայ ու երբ վաղը ձեր որդիները ձեզի հարցնելու ըլլան ու ըսեն թէ՝ ‘Այս քարերը ի՞նչ պիտի ըլլան ձեզի’,
7Անոնց ըսէք. ‘Քանի որ Տէրոջը ուխտի տապանակին առջեւէն Յորդանանի ջուրերը կտրուեցան. երբ անիկա Յորդանանէն կ’անցնէր՝ Յորդանանի ջուրը կտրուեցաւ. այս քարերը Իսրայէլի որդիներուն մէջ յիշատակի համար պիտի ըլլան յաւիտեան’»։
8Եւ Իսրայէլի որդիները Յեսուի պատուիրածին պէս ըրին ու Յորդանանի մէջէն տասներկու քար առին, Իսրայէլի որդիներուն ցեղերուն թիւովը, ինչպէս Տէրը Յեսուին հրամայեր էր եւ զանոնք իրենց հետ իջեւանին տեղը տարին ու հոն դրին։
9Եւ Յեսու ուրիշ տասներկու քարեր ալ կանգնեցուց Յորդանանի մէջ, ուխտին տապանակը վերցնող քահանաներուն ոտքերուն կեցած տեղը, որոնք մինչեւ այսօր հեն են։
10Տապանակը վերցնող քահանաները Յորդանանի մէջ կայնեցան, մինչեւ որ լմնցաւ այն բոլոր խօսքը, որ Տէրը Յեսուին պատուիրեց, որ ժողովուրդին ըսէ, ինչպէս Մովսէս Յեսուին պատուիրեր էր ժողովուրդը արտորալով անցաւ։
11Ու երբ ժողովուրդին անցնիլը լմնցաւ, այն ատեն Տէրոջը տապանակն ու քահանաները ժողովուրդին առջեւ անցան։
12Ռուբէնին որդիները ու Գադին որդիները եւ Մանասէին կէս ցեղը սպառազինեալ՝ Իսրայէլի որդիներուն առջեւ անցան, ինչպէս Մովսէս անոնց ըսեր էր.
13Քառասուն հազարի չափ պատրաստուած զօրք Տէրոջը առջեւ՝ պատերազմի համար Երիքովի դաշտը անցան։
14Նոյն օրը Տէրը բոլոր Իսրայէլի աչքերուն առջեւ Յեսուն մեծցուց ու անոր կեանքին բոլոր օրերուն որքան Մովսէսէն կը վախնային, այնքան Յեսուէն վախցան,
15Տէրը խօսեցաւ Յեսուին՝ ըսելով.
16«Վկայութեան տապանակը վերցնող քահանաներուն հրաման ըրէ որ Յորդանանէն ելլեն»։
17Ուստի Յեսու քահանաներուն հրամայեց ու ըսաւ. «Յորդանանէն ելէք»։
18Երբ Տէրոջը ուխտին տապանակը վերցնող քահանաները Յորդանանի մէջէն ցամաք ելան եւ քահանաներուն ոտքերուն թաթերը ցամաքի վրայ կոխեցին, Յորդանանի ջուրը իր տեղը դարձաւ ու առաջուան պէս իր բոլոր եզերքները ողողեց։
19Առաջին ամսուան տասներորդ օրը ժողովուրդը Յորդանանէն դուրս ելլելով, Գաղգաղայի մէջ Երիքովի արեւելեան կողմը իջեւան ըրին։
20Այն տասներկու քարը, որոնք Յորդանանէն առեր էին, Յեսու Գաղգաղայի մէջ կանգնեցուց
21Եւ Իսրայէլի որդիներուն խօսեցաւ՝ ըսելով. «Վաղը եթէ ձեր որդիները իրենց հայրերուն հարցնելու ըլլան ու ըսեն թէ՝ ‘Այս քարերը ի՞նչ են’,
22Ձեր տղոց իմացնէք՝ ըսելով. ‘Իսրայէլ Յորդանանէն ցամաքով անցաւ’։
23Որովհետեւ ձեր Տէր Աստուածը ձեր առջեւէն Յորդանանի ջուրերը ցամքեցուց մինչեւ որ դուք անցաք, ինչպէս ձեր Տէր Աստուածը Կարմիր ծովուն մէջ ալ ըրաւ, որը ցամքեցուց մեր առջեւէն մինչեւ որ մենք անցանք.
24Որպէս զի երկրի բոլոր ազգերը գիտնան թէ Տէրոջը ձեռքը զօրաւոր է։ Դուք ձեր Տէր Աստուծմէն միշտ վախցէք»։