Joshua 20WARMB

1Տէրը խօսեցաւ Յեսուին՝ ըսելով.

2«Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ՝ ‘Մովսէսին միջոցով ձեզի ըսուած ապաստանի քաղաքները ձեզի համար որոշեցէք,

3Որպէս զի սխալմամբ ու անգիտութեամբ մարդ զարնելով սպաննողը հոն փախչի ու անոնք ձեզի ապաստանարան ըլլան արեան վրէժխնդիր եղողէն

4Եւ անգիտութեամբ սպաննողը այն քաղաքներէն մէկուն մէջ թող փախչի ու քաղաքին դուռը կայնի եւ այն քաղաքին ծերերուն իր պարագան յայտնէ, որպէս զի լսեն ու անոնք զանիկա քաղաքին մէջ իրենց քով առնելով՝ անոր տեղ մը տան, որպէս զի իրենց հետ բնակի։

5Երբ արեան վրէժխնդիրը անոր ետեւէն իյնայ, սպաննողը անոր ձեռքը թող չտան. քանզի անիկա իր դրացին անգիտութեամբ մեռցուցեր է։ Նախապէս անոր դէմ թշնամութիւն ունեցած չէ։

6Եւ անիկա այն քաղաքին մէջ պիտի բնակի, մինչեւ որ դատաստանի համար ժողովին առջեւ կայնի ու մինչեւ որ այն օրուան քահանայապետը մեռնի։ Անկէ ետքը սպաննողը կրնայ դառնալ իր քաղաքը ու իր տունը երթալ՝ այսինքն այն քաղաքը ուրկէ փախեր էր։

7Ուստի Գալիլիայի մէջ Կադէսը զատեցին Նեփթաղիմի լեռնակողմը, Սիւքէմը՝ Եփրեմի լեռնակողմը եւ Կարիաթ-Արբան՝ այսինքն Քեբրոնը՝ Յուդայի լեռնակողմը։

8Ու Երիքովի դէմը Յորդանանի անդիի կողմը դէպի արեւելք՝ Ռուբէնին ցեղէն՝ անապատին մէջ Բոսորը եւ Գադի ցեղէն՝ Գաղաադի մէջ Ռամովթը ու Մանասէին ցեղէն՝ Բասանի մէջ Գովղանը տուին։

9Բոլոր Իսրայէլի որդիներուն համար ու անոնց մէջ բնակող օտարականին համար որոշուած քաղաքները ասոնք են. որպէս զի ամէն ով որ սխալմամբ մարդ մեռցնէ, հոն փախչի ու արեան վրէժխնդրին ձեռքով չմեռնի, մինչեւ որ դատաստանի համար ժողովին առջեւ կայնի’»։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Joshua 20.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.