Joshua 17WARMB

1Ասիկա եղաւ Մանասէին ցեղին վիճակը, քանզի անիկա Յովսէփին անդրանիկն էր։ Մանասէին անդրանիկը Մաքիր, Գաղաադին հայրը, պատերազմող մարդ մը ըլլալուն համար, Գաղաադ ու Բասան անորը եղան։

2Մանասէին միւս որդիներն ալ, Աբիեզերին որդիները, Քեղեքին որդիները, Ասրիէլին որդիները, Սիւքէմին որդիները, Ոփերին որդիները ու Սեմիդային որդիները իրենց տոհմերուն համեմատ ասոնք էին։ Յովսէփեան Մանասէին արու զաւակները իրենց տոհմերուն համեմատ ասոնք էին։

3Մանասէին որդիին Մաքիրին որդիին Գաղաադին որդիին Ոփերին որդին Սալպաադ տղաքներ չունէր, բայց միայն աղջիկներ։ Անոր աղջիկներուն անունները ասոնք են՝ Մաալա, Նուա, Էգղա, Մեղքա ու Թերսա։

4Ասոնք Եղիազար քահանային առջեւ, Նաւեան Յեսուին առջեւ ու իշխաններուն առջեւ ներկայանալով՝ ըսին. «Տէրը Մովսէսին հրամայեց, որ մեր եղբայրներուն մէջ մեզի ժառանգութիւն տրուի»։ Եւ Յեսու Տէրոջը հրամանով անոնց հօրը եղբայրներուն մէջ անոնց ժառանգութիւն տուաւ։

5Մանասէին Յորդանանի անդիի կողմը եղող Գաղաադին ու Բասանին երկրէն զատ՝ տասը բաժին ինկաւ.

6Քանզի Մանասէին աղջիկները անոր տղոցը հետ ժառանգութիւն առին ու Գաղաադին երկիրը Մանասէին միւս որդիներուն եղաւ։

7Մանասէին սահմանը ասիկա եղաւ՝ Ասերէն մինչեւ Մաքմեթաթ, որ Սիւքէմին դէմն է։ Այս սահմանը աջ կողմը դառնալով՝ մինչեւ Թափուային աղբիւրին քով բնակողներուն կը հասնի։

8Թափուային երկիրը Մանասէին եղաւ ու Մանասէին սահմանին մէջ եղող Թափուա քաղաքը Եփրեմին որդիներուն եղաւ։

9Այս սահմանը Կանա հեղեղատը կ’իջնէ, հեղեղատին հարաւային կողմէն։ Մանասէին քաղաքներուն մէջ ասոնք Եփրեմի քաղաքներն են եւ Մանասէին սահմանը հեղեղատին հիւսիսային կողմն է ու ծովուն մէջ կը վերջանայ։

10Հարաւային կողմը Եփրեմին ու հիւսիսային կողմը Մանասէին ըլլալով, անոնց սահմանը ծովը եղաւ եւ հիւսիսային կողմէն Ասերին ու արեւելեան կողմէն Իսաքարին հետ կը միանան։

11Եւ Իսաքարին ու Ասերին սահմաններուն մէջ՝ Բեթսան ու անոր գիւղաքաղաքները եւ Յեբղաամ ու անոր գիղաքաղաքները եւ Դովրի բնակիչներն ու անոր գիւղաքաղաքները եւ Ենդովրի բնակիչներն ու անոր գիւղաքաղաքները եւ Թանաքի բնակիչներն ու անոր գիւղաքաղաքները, Մակեդդովի բնակիչներն ու անոր գիւղաքաղաքները. այս երեք գաւառը Մանասէին եղան։

12Մանասէին որդիները չկրցան այս քաղաքներուն բնակիչները դուրս վռնտել, ուստի Քանանացիները կամակորութեամբ այն երկրին մէջ բնակեցան։

13Երբ Իսրայէլի որդիները ուժովցան՝ հարկատու ըրին Քանանացիները, բայց զանոնք իսպառ չվռնտեցին։

14Յովսէփին որդիները Յեսուին հետ խօսեցան ու ըսին. «Ինչո՞ւ համար ինծի միայն մէկ վիճակ ու մէկ բաժին ժառանգութիւն տուիր։ Ես բազմաթիւ ժողովուրդ մըն եմ. քանզի Աստուած մինչեւ հիմա զիս օրհնեց»։

15Յեսու անոնց ըսաւ. «Եթէ դուն բազմաթիւ ժողովուրդ ես, անտառը ելի՛ր ու զանիկա կտրէ՛ եւ Փերեզացիներուն ու Ռափայիններուն երկրին մէջ քեզի տեղ ըրէ, եթէ Եփրեմին լեռը քեզի նեղ կու գայ»։

16Յովսէփին որդիները ըսին. «Լեռը մեզի համար չէ ու հովիտին երկրին մէջ՝ Բեթսանին մէջ ու անոր գիւղաքաղաքներուն մէջ եւ Յեզրայէլին հովիտին մէջ բնակող բոլոր Քանանացիները երկաթէ կառքեր ունին»։

17Յեսու Յովսէփին տանը, այսինքն Եփրեմին ու Մանասէին հետ խօսելով ըսաւ. «Դուն բազմաթիւ ժողովուրդ ես ու շատ ոյժ ունիս. քեզի միայն մէկ վիճակ չի բաւեր.

18Լեռն ալ թող քուկդ ըլլայ եւ որովհետեւ անիկա անտառ է, զանիկա կտրէ՛ ու մինչեւ ծայրը քուկդ թող ըլլայ. քանզի դուն Քանանացիները անկէ պիտի վռնտես, թէեւ անոնք երկաթէ կառքեր ունին ու զօրաւոր են»։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Joshua 17.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.