Jeremiah 50WARMB

1Բաբելոնի վրայով, Քաղդէացիներու երկրին վրայով, Երեմիա մարգարէին միջոցով Տէրոջը ըսած խօսքը։

2«Ազգերուն մէջ պատմեցէ՛ք. Հրատարակեցէ՛ք ու դրօշ վերցուցէ՛ք. Հրատարակեցէ՛ք ու մի՛ ծածկէք ու ըսէ՛ք՝ ‘Բաբելոնը առնուեցաւ, Բէլը ամչցաւ, Մարովդաքը կոտրեցաւ, Անոր արձանները ամչցան, Անոր կուռքերը կոտրտեցան’.

3Վասն զի անոր վրայ հիւսիսէն ազգ մը ելաւ, Որը անոր երկիրը աւերակ պիտի ընէ Ու հոն բնակիչ պիտի չմնայ. Մարդէ մինչեւ անասուն պիտի փախչին երթան»։

4«Այն օրերը ու այն ժամանակը, կ’ըսէ Տէրը, Իսրայէլին որդիները, իրենք ու Յուդային որդիները, մէկտեղ պիտի գան, Քալելով ու լալով պիտի գան Եւ իրենց Տէր Աստուածը պիտի փնտռէն։

5Սիօնի համար պիտի հարցնեն՝ Իրենց երեսը դէպի հոն դարձնելով. ‘Եկէ՛ք ու Տէրոջը յարի՛նք Յաւիտենական ու անմոռաց ուխտով մը’։

6«Իմ ժողովուրդս կորսուած ոչխարներու պէս եղաւ, Իրենց հովիւները զանոնք մոլորեցուցին։ Զանոնք լեռներու վրայ պտըտցուցին։ Անոնք ալ լեռնէ լեռ ու բլուրէ բլուր գացին Ու իրենց մակաղատեղին մոռցան։

7Բոլոր գտնողները զանոնք կերան Ու անոնց թշնամիները ըսին՝ ‘Մենք յանցանք չունինք, Վասն զի անոնք արդարութեան բնակարան եղող Տէրոջը դէմ Ու իրենց հայրերուն յոյսը եղող Տէրոջը դէմ մեղք գործեցին’։

8«Բաբելոնէն փախէ՛ք Ու Քաղդէացիներու երկրէն ելէք Եւ հօտերուն առջեւէն գացող նոխազներուն պէս եղէ՛ք։

9Քանզի ահա ես Բաբելոնի վրայ Հիւսիսի երկրէն մեծ ազգերու խումբ մը Պիտի արթնցնեմ ու հանեմ։ Անոր առջեւ գունդերով պիտի շարուին Եւ ան պիտի առնուի։ Անոնց նետերը, յաջողակ պատերազմողի նետերու պէս Պարապ պիտի չդառնան։

10Եւ Քաղդէացիներու երկիրը պիտի կողոպտուի Ու զանիկա թալլողները պիտի կշտանան», կ’ըսէ Տէրը։

11«Որովհետեւ դուք ուրախացաք ու խնդացիք, Ո՛վ իմ ժառանգութեանս կողոպտիչներ, Կանանչ խոտերու մէջ արածուող՝ ՝ երինջի պէս ցատկեցէ՛ք Ու երիվարներու պէս վրնջեցէ՛ք։

12Ձեր մայրը խիստ ամչցաւ. Ձեզ ծնանողը շնորհազուրկ եղաւ։ Ահա անիկա ազգերուն յետինը, Անապատ, անջրդի ու ամայի պիտի ըլլայ։

13Տէրոջը բարկութեանը պատճառով հոն մարդ պիտի չբնակի, Բոլորովին ամայի պիտի ըլլայ։ Ով որ Բաբելոնի քովէն անցնի՝ Անոր հարուածներուն վրայ Պիտի զարմանայ ու պիտի սուլէ։

14Բաբելոնի շուրջը շարուեցէ՛ք, Ո՛վ աղեղ լարողներ, Անոր նետեցէ՛ք, նետին մի՛ խնայէք, Քանզի անիկա Տէրոջը դէմ մեղք գործեց։

15Անոր շուրջը աղաղակ բարձրացուցէ՛ք. Անիկա անձնատուր եղաւ, Անոր հիմերը կործանուեցան, Անոր պարիսպները աւերուեցան, Վասն զի ասիկա Տէրոջը վրէժխնդրութիւնն է։ Անկէ վրէժ առէ՛ք, Անոր իր ըրածին պէս ըրէ՛ք։

16Բաբելոնէն սերմանողը ու հունձքի ժամանակ մանգաղ բռնողը կոտորեցէ՛ք. Բռնաւորին սուրին երեսէն Ամէն մարդ իր ժողովուրդին պիտի դառնայ Ու ամէն մարդ իր երկիրը պիտի փախչի։

17«Իսրայէլ մոլորեալ ոչխար մըն է, Առիւծներէն հալածուած. Նախ Ասորեստանի թագաւորը զանիկա կերաւ Ու ետքը Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը անոր ոսկորները կրծեց։

18Ասոր համար զօրքերու Տէրը, Իսրայէլին Աստուածը, այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես Բաբելոնի թագաւորին ու անոր երկրին վրայ պատուհաս պիտի բերեմ, Ինչպէս Ասորեստանի թագաւորին ըրի։

19Եւ Իսրայէլը իր բնակարանը պիտի դարձնեմ Ու Կարմեղոսի եւ Բասանի մէջ պիտի արածի Ու անոր հոգին Եփրեմի լերանը վրայ Ու Գաղաադի վրայ պիտի կշտանայ’։

20Այն օրերն ու այն ժամանակը, կ’ըսէ Տէրը, Իսրայէլի մէջ անօրէնութիւն պիտի փնտռուի, Բայց անօրէնութիւն պիտի չըլլայ Եւ Յուդայի մէջ մեղքեր պիտի փնտռուին, Բայց պիտի չգտնուին. Վասն զի պիտի ներեմ անոնց մեղքը, որոնք իբր մնացորդ պահած եմ»։

21Մերաթայիմի երկրին վրայ Եւ Փակուդի բնակիչներուն վրայ ելի՛ր, Զանոնք աւերէ՛ Ու նզովուածի պէս բնաջինջ ըրէ՛, կ’ըսէ Տէրը Եւ քեզի պատուիրածիս պէս ըրէ՛։

22Երկրին մէջ պատերազմի ձայն Ու մեծ կոտորած կայ։

23Բոլոր երկրին մուրճը ի՜նչպէս կոտրուեցաւ ու փշրուեցաւ։ Բաբելոն ազգերուն մէջ ի՜նչպէս աւերակ եղաւ։

24Քեզի որոգայթ լարեցի ու բռնուեցար, ո՛վ Բաբելոն, Բայց դուն չգիտցար։ Գտնուեցար ու ձեռքը անցար, Վասն զի Տէրոջը դէմ մաքառեցար։

25Տէրը իր զինարանը բացաւ Ու իր բարկութեան զէնքերը հանեց, Քանզի Քաղդէացիներու երկրին մէջ Զօրքերու Տէր Եհովան կատարելիք գործ մը ունի։

26Երկրի ծայրէն անոր վրայ եկէ՛ք, Անոր շտեմարանները բացէ՛ք, Զանիկա շեղջերու պէս դիզեցէ՛ք Ու նզովուածի պէս զանիկա բնաջինջ ըրէ՛ք. Անկէ մնացորդ մի՛ թողուք։

27Անոր բոլոր զուարակները կորսնցուցէ՛ք, Թող անոնք սպանդանոցը իջնեն։ Վա՜յ անոնց, քանզի անոնց օրը, Անոնց պատուհասի ժամանակը հասած է։

28Բաբելոնի երկրէն փախչողներուն ու ազատուածներուն ձայնը կու գայ, Որպէս զի մեր Տէր Աստուծոյն վրէժխնդրութիւնը, Անոր տաճարին վրէժխնդրութիւնը, Սիօնի մէջ պատմէ։

29«Բաբելոնի վրայ աղեղնաւորներ կանչեցէ՛ք. Ո՛վ բոլոր աղեղ լարողներ, Անոր բոլորտիքը բանակեցէ՛ք. Չըլլայ թէ մարդ մը ազատի։ Անոր իր գործերուն համեմատ հատուցում ըրէք։ Անոր իր ամէն ըրածին պէս ըրէ՛ք. Վասն զի անիկա Տէրոջը դէմ՝ Իսրայէլին Սուրբին դէմ՝ հպարտացաւ։

30Ուստի անոր կտրիճները իր հրապարակներուն մէջ պիտի իյնան Եւ անոր բոլոր պատերազմիկները Այն օրը բնաջինջ պիտի ըլլան», կ’ըսէ Տէրը։

31«Ահա ես քեզի դէմ եմ, ո՛վ հպարտ, Կ’ըսէ զօրքերու Տէր Եհովան, Քանզի քու օրդ, քեզ պատուհասելու ժամանակը հասած է։

32Հպարտը գլորուելով պիտի իյնայ Ու մէ՛կը պիտի չըլլայ, որ զանիկա վերցնէ։ Անոր քաղաքներուն մէջ կրակ պիտի բռնկեցնեմ, Որ անոր բոլոր շրջակայ տեղերը ուտէ»։

33Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Իսրայէլի որդիները ու Յուդայի որդիները մէկտեղ զրկանք կրեցին Ու անոնց բոլոր գերեվարները զանոնք բռնեցին Ու չեն ուզեր զանոնք արձակել։

34Անոնց Փրկիչը զօրաւոր է, Անոր անունը Զօրքերու Տէր է. Անիկա անշուշտ անոնց դատին ջատագով պիտի ըլլայ, Որպէս զի երկրին հանգստութիւն տայ Ու Բաբելոնի բնակիչները խռովեցնէ։

35Տէրը կ’ըսէ թէ Քաղդէացիներուն վրայ Ու Բաբելոնի բնակիչներուն վրայ Եւ անոր իշխաններուն ու իմաստուններուն վրայ սուր պիտի գայ ։

36Ստախօսներուն վրայ սուր պիտի գայ ու պիտի խենդենան։ Անոր կտրիճներուն վրայ սուր պիտի գայ ու պիտի զարհուրին։

37Անոր ձիերուն ու կառքերուն վրայ Եւ անոր մէջ եղող բոլոր խառնիճաղանճ բազմութեանը վրայ սուր պիտի գայ Ու կիներու պէս պիտի ըլլան։ Անոր գանձերուն վրայ սուր պիտի գայ ու պիտի յափշտակուին։

38Անոր ջուրերուն վրայ չորութիւն պիտի գայ ու պիտի ցամքին։ Քանզի անիկա կուռքերու երկիր է Ու իրենց կուռքերովը կը յիմարանան։

39Անոր համար հոն վայրենի կատուներ ու բորենիներ պիտի բնակին Ու հոն ջայլամներ պիտի բնակին։ Եւ հոն անգամ մըն ալ մարդ պիտի չբնակի Ու ազգէ ազգ հոն բնակիչ պիտի չըլլայ։

40Աստուծոյ կործանած Սոդոմին ու Գոմորին Եւ անոր շրջակայ քաղաք ներուն պէս, կ’ըսէ Տէրը, Հոն ա՛լ մարդ պիտի չնստի Եւ անոր մէջ մարդու զաւակ պիտի չբնակի։

41«Ահա հիւսիսէն ժողովուրդ մը պիտի գայ Ու մեծ ազգ մը եւ շատ թագաւորներ Երկրի ծայրերէն պիտի արթննան։

42Անոնք աղեղ ու նիզակ կը կրեն, Անոնք անգութ ու անողորմ են։ Անոնց ձայնը ծովու պէս կը գոռայ Եւ անոնք ձիերու վրայ կը հեծնեն Ու պատերազմող մարդու պէս Քեզի դէմ կը շարուին, ո՛վ Բաբելոնի աղջիկ։

43Երբ Բաբելոնի թագաւորը այս լուրը լսեց, Անոր ձեռքերը թուլցան. Նեղութիւնը շրջապատեց զանիկա Ծննդական կնոջ երկունքին պէս։

44Ահա անիկա առիւծի պէս ամուր բնակարանի վրայ պիտի ելլէ Յորդանանի ջուրերուն յորդելէն։ Բայց անոր վրայէն շուտով պիտի փախցնեմ զանոնք։ Ո՞վ է այն ընտրեալը, որ անոր վրայ դնեմ. Վասն զի ինծի նման ո՞վ կայ։ Ինծի հետ ո՞վ պիտի վիճաբանի. Ո՞վ է այն հովիւը, որ իմ առջեւս պիտի կենայ։

45Անոր համար Բաբելոնի վրայով ունեցած Տէրոջը խորհուրդը Ու Քաղդէացիներու երկրին վրայ ունեցած մտածումը լսեցէ՛ք. Հօտին ամենէն պզտիկը անպատճառ պիտի քշէ զանոնք. Անշուշտ անոնց բնակարանները իրենց հետ պիտի աւերէ։

46Բաբելոնի առնուելու ձայնէն երկիրը կը շարժի Ու ազգերուն մէջ աղաղակ կը լսուի»։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Jeremiah 50.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.