Jeremiah 47WARMB

1Տէրոջը խօսքը, որ Երեմիա մարգարէին եղաւ Փղշտացիներուն վրայով՝ դեռ Փարաւոն Գազանը չզարկած։

2Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Ահա հիւսիսէն ջուրեր կու գան, Որոնք յորդած հեղեղի պէս պիտի ըլլան Ու երկիրը եւ անոր լիութիւնը, Քաղաքն ու անոր բնակիչները պիտի կոխեն. Մարդիկ պիտի աղաղակեն, Երկրին բոլոր բնակիչները պիտի ոռնան։

3Անոր երիվարներուն սմբակներուն ձայնէն, Անոր կառքերուն շաչիւնէն, Անիւներուն շառաչիւնէն՝ Հայրերը իրենց տղոցը պիտի չնային Իրենց ձեռքերուն թուլնալուն համար,

4Բոլոր Փղշտացիները կորսնցնելու Եւ Տիւրոսի ու Սիդոնի Բոլոր մնացած օգնականները կոտորելու եղող օրուանը պատճառով, Քանզի Տէրը Փղշտացիները, Կափթոր կղզիին մնացորդները, պիտի կորսնցնէ։

5Գազայի վրայ կնտութիւն եկաւ, Ասկաղոնը՝ իր հովտին մնացորդովը աւերակ եղաւ. Մինչեւ ե՞րբ քու մարմնիդ վրայ կտրածներ պիտի ընես։

6Ո՛վ Տէրոջը սուրը, Մինչեւ ե՞րբ հանդարտ պիտի չկենաս։ Քու պատեանդ դարձիր, Հանգչէ՛ ու լռէ՛։

7Ի՞նչպէս կրնայ հանդարտ կենալ. Երբ Տէրը անոր հրամայեր է, Ասկաղոնի ու ծովեզերքի դէմ Ղրկեր է զանիկա»։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Jeremiah 47.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.