1Տէրը ինծի ըսաւ. «Դուն քեզի մեծ տոմս մը առ եւ անոր վրայ մարդու գրիչով գրէ՝ ‘Մահէր-Շալալ-Հաշ-Պազին մասին»։
2Եւ ինծի հաւատարիմ վկաներ բռնեցի Ուրիա քահանան ու Բարաքիայի որդին Զաքարիան։
3Մերձեցայ մարգարէուհիին ու անիկա յղացաւ ու որդի մը ծնաւ եւ Տէրը ինծի ըսաւ. «Անոր անունը Մահէր-Շալալ-Հաշ-Պազ դիր.
4Վասն զի դեռ տղան «Հայրս եւ մայրս» կանչելը չսորված՝ Դամասկոսի հարստութիւններն ու Սամարիայի աւարը Ասորեստանի թագաւորին առջեւ պիտի տարուին»։
5Դարձեալ Տէրը ինծի խօսեցաւ ու ըսաւ.
6«Որովհետեւ այս ժողովուրդը Սիլովայի հանդարտ վազող ջուրերը կ’արհամարհէ եւ Ռասինի ու Ռովմելայի որդիին կը հաւնի,
7Անոր համար ահա Տէրը անոնց վրայ Գետին զօրաւոր ու առատ ջուրերը, Այսինքն Ասորեստանի թագաւորը ու անոր բոլոր զօրութիւնը, պիտի հանէ Եւ անիկա իր բոլոր յատակներէն վեր պիտի ելլէ Ու իր բոլոր եզերքներուն վրայէն պիտի քալէ։
8Յուդային մէջէն յորդելով՝ պիտի անցնի երթայ Ու մինչեւ մարդոց պարանոցը պիտի հասնի Եւ անոր թեւերուն տարածութիւնը Քու երկրիդ լայնութիւնը պիտի լեցնէ, ո՛վ Էմմանուէլ»։
9Ո՛վ ժողովուրդներ, դաշնակի՛ց եղէք՝ ՝, բայց պիտի խորտակուիք. Ո՛վ երկրին հեռաւոր տեղեր, ակա՛նջ դրէք, Պատրաստուեցէ՛ք, բայց պիտի խորտակուիք. Պատրաստուեցէ՛ք, բայց պիտի խորտակուիք.
10Խորհո՛ւրդ ըրէք, բայց պիտի խափանուի. Խօ՛սք խօսեցէք, բայց պիտի չհաստատուի. Քանզի Աստուած մեզի հետ է։
11Քանզի Տէրը հզօր ձեռքով այսպէս խօսեցաւ ինծի Ու խրատեց զիս՝ թէ պէտք չէ այս ժողովուրդին ճամբուն մէջ քալել՝ ըսելով.
12«Դաւադրութիւն մի՛ ըսէք Ինչ բանի որ այս ժողովուրդը դաւադրութիւն կ’ըսէ։ Անոր վախովը մի՛ վախնաք ու մի՛ զարհուրիք։
13Միայն զօրքերու Տէրը փառաւորեցէք, Անիկա ըլլայ ձեր վախը եւ ձեր զարհուրանքը։
14Եւ անիկա ձեզի սրբարան պիտի ըլլայ, Բայց Իսրայէլի երկու տուներուն՝ Գայթակղութեան քար եւ գլորելու վէմ Ու Երուսաղէմի բնակիչներուն թակարդ ու որոգայթ պիտի ըլլայ։
15Եւ անոնցմէ շատերը պիտի գլորին, Ու իյնալով պիտի խորտակուին Եւ որոգայթի մէջ իյնալով պիտի բռնուին»։
16Վկայութիւնը կապէ, Աշակերտներուս մէջ օրէնքը կնքէ։
17Ուրեմն ես պիտի սպասեմ Տէրոջը, Որ Յակոբի տունէն իր երեսը ծածկեր է Ու անոր պիտի յուսամ։
18Ահաւասիկ ես ու այն զաւակները, որոնք Տէրը ինծի տուաւ, Նշաններ ու սքանչելիքներ ըլլալու Իսրայէլի մէջ՝ Սիօն լեռը բնակող զօրքերու Տէրոջը կողմանէ։
19Ու երբ ձեզի ըսեն թէ՝ «Շշնջող ու քրթմնջող վհուկներուն Եւ նշանագէտներուն հարցուցէք», Այն ատեն ըսէք թէ Ժողովուրդը իր Աստուծոյն պիտի չհարցնէ՞. Կենդանիներուն համար մեռածներո՞ւն պիտի հարցնէ ։
20Օրէնքին ու վկայութեանը թող հարցնեն. Եթէ այս խօսքին համեմատ չխօսին, Անոնք ամենեւին լոյս չունին։
21Եւ ժողովուրդը վիշտ ու սով կրելով պիտի անցնի անկէ Ու երբ անօթենայ, պիտի բարկանայ Ու իր թագաւորին եւ իր Աստուծոյն պիտի հայհոյէ ու վեր նայի
22Եւ դէպի երկիր պիտի նայի Եւ ահա վիշտ ու խաւար, նեղութեան մէգ։ Դէպի մառախուղ պիտի քշուին։