Isaiah 59WARMB

1Միթէ Տէրոջը ձեռքը կարող չէ՞ փրկել, Կամ անոր ականջը ծանրացա՞ւ, որ չլսէ։

2Բայց ձեր ու ձեր Աստուծոյն միջեւ բաժանում ձգողը Ձեր անօրէնութիւնները եղան։ Ձեր մեղքերը անոր երեսը ձեզմէ ծածկեցին, որ չլսէ։

3Քանզի ձեր ձեռքերը՝ արիւնով Ու ձեր մատերը անօրէնութիւնով պղծուեցան։ Ձեր շրթունքը սուտ խօսեցան Եւ ձեր լեզուները անիրաւութիւն արտաբերեցին։

4Չկայ մէկը, որ արդարութեան համար բողոքէ Ու չկայ մէկը, որ ճշմարտութեամբ դատ վարէ. Անոնք սնոտի բաներու կը յուսան եւ ունայնութիւն կը խօսին. Թշուառութիւն կը յղանան ու անօրէնութիւն կը ծնանին։

5Քարբի հաւկիթներ կը թխսեն Ու սարդի ոստայն կը հիւսեն։ Անոնց հաւկիթները ուտողը կը մեռնի, Եթէ կոտրեն՝ իժ կ’ելլէ։

6Անոնց ոստայններէն հանդերձ չըլլար Եւ իրենց գործերովը չեն կրնար զիրենք ծածկել։ Անոնց գործերը անօրէնութեան գործեր են Ու անոնց ձեռքերուն մէջ բռնութեան գործ կայ։

7Անոնց ոտքերը չարութեան կը վազեն Ու անմեղ արիւն թափելու կ’արտորան։ Անոնց խորհուրդները անօրէնութեան խորհուրդներ են, Անոնց ճամբաներուն մէջ կործանում ու կոտորած կայ։

8Խաղաղութեան ճամբան չեն ճանչնար Եւ անոնց ընթացքին մէջ արդարութիւն չկայ։ Իրենց շաւիղները խոտորցուցին. Բոլոր անոնք, որ անոնց միջեւ կը քալեն՝ խաղաղութիւն չունին։

9Ատոր համար իրաւունքը մեզմէ հեռացաւ Ու արդարութիւնը մեզի չի հասնիր. Լոյսի կը սպասենք եւ ահա խաւար կ’ըլլայ, Պայծառութեան կը սպասենք, բայց մառախուղի մէջ կը շրջինք։

10Կոյրերու պէս պատերը կը շօշափենք Ու աչք չունեցողներու պէս կը խարխափենք։ Կէսօրին գիշերուան պէս կը գլորինք. Պտղաբեր արտերու մէջ ՝ ՝ մեռելներու պէս ենք։

11Ամէնքս արջերու պէս կը մրթմրթանք Ու աղաւնիներու պէս անդադար կը մնչենք. Դատաստանի կը սպասենք, բայց չկայ. Փրկութեան համար կը նայինք, բայց անիկա մեզմէ հեռու է։

12Քանզի մեր յանցանքները քու առջեւդ շատցան Ու մեր մեղքերը մեզի դէմ վկայութիւն կու տան, Վասն զի մեր յանցանքները մեր քովն են Ու մեր անօրէնութիւնները գիտենք։

13Յանցանք գործեցինք, Տէրը ուրացանք Եւ մեր Աստուծոյն հետեւելէն խոտորեցանք։ Հարստահարութիւն եւ ապստամբութիւն յառաջացուցինք, Մեր սրտին մէջ սուտ խօսքեր յղացանք ու ըսինք՝

14Իրաւունքը ետ դարձաւ Ու արդարութիւնը հեռացաւ, Քանզի ճշմարտութիւնը հրապարակին մէջ ինկաւ Եւ ուղղութիւնը չի կրնար ներս մտնել։

15Ճշմարտութիւնը կը պակսի, Չարութենէ զգուշացողը կը կողոպտուի։ Տէրը տեսաւ եւ ասիկա անոր առջեւ գէշ երեւցաւ, Քանզի իրաւունք չմնաց։

16Տեսաւ, որ մարդ մը չկար Եւ զարմացաւ, որ միջնորդ մը չէր գտնուեր, Ուստի իր բազուկը իրեն օգնեց Ու իր արդարութիւնը իրեն ձեռնտու եղաւ։

17Արդարութիւնը զրահի պէս հագաւ, Փրկութիւնը սաղաւարտի պէս իր գլուխը դրաւ Եւ վրէժխնդրութեան զգեստը պատմուճանի պէս հագաւ Ու նախանձը վերարկուի պէս իր վրայ առաւ։

18Իրենց վարմունքին համեմատ հատուցում պիտի ընէ։ Բարկութիւն՝ իր հակառակորդներուն, Հատուցում՝ իր թշնամիներուն, Կղզիներուն հատուցում պիտի ընէ։

19Արեւմուտքը՝ Տէրոջը անունէն, Արեւելքը անոր փառքէն պիտի վախնան. Երբ թշնամին գետի պէս գայ, Տէրոջը Հոգին անոր դէմ դրօշակ պիտի կանգնեցնէ՝ ՝։

20«Փրկիչ պիտի գայ Սիօնին Ու Յակոբին մէջ չարութենէ դարձողներուն», կ’ըսէ Տէրը։

21«Անոնց հետ այս ուխտը պիտի ընեմ», կ’ըսէ Տէրը։ «Իմ Հոգիս, որ քու վրադ է Ու իմ խօսքերս, որոնք քու բերանդ դրած եմ, Քու բերնէդ ու քու զաւակներուդ բերնէն Եւ քու զաւակներուդ զաւակներուն բերնէն պիտի չպակսին, Այսօրուընէ մինչեւ յաւիտեան», կ’ըսէ Տէրը։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Isaiah 59.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.