1Ո՞վ հաւատաց մեր տուած լուրին, Տէրոջը բազուկը որո՞ւն յայտնուեցաւ։
2Քանզի անիկա անոր առջեւ մատաղատունկի պէս Եւ ծարաւուտ երկրէ ելլող արմատի պէս բուսաւ։ Անիկա կերպարանք կամ վայելչութիւն չունէր, որպէս զի անոր նայէինք, Ոչ ալ այնպիսի երեւոյթ մը, որպէս զի անկէ ախորժէինք։
3Անիկա մարդոցմէ անարգուեցաւ ու երեսէ ձգուեցաւ, Վիշտերու տէր ու ցաւերու տեղեակ եղաւ։ Անկէ երես դարձնելու մարդու պէս եղաւ, Անարգուեցաւ ու զանիկա չյարգեցինք։
4Իրաւցընէ անիկա մեր ցաւերը վերցուց Ու մեր վիշտերը իր վրայ առաւ։ Մենք զանիկա վիրաւորուած, Աստուծմէ զարնուած Ու չարիքի հանդիպած սեպեցինք։
5Բայց անիկա մեր մեղքերուն համար վիրաւորուեցաւ Եւ մեր անօրէնութիւններուն համար ծեծուեցաւ։ Մեր խաղաղութեան պատիժը անոր վրայ եղաւ Եւ անոր վէրքերովը մենք բժշկուեցանք։
6Ամէնքս ոչխարներու պէս մոլորեցանք։ Ամէն մէկս իր ճամբան դարձաւ։ Տէրը մեր ամենուն անօրէնութիւնը անոր վրայ դրաւ։
7Անիկա անիրաւութիւն կրեց ու չարչարուեցաւ, Բայց իր բերանը չբացաւ։ Մորթուելու տարուող ոչխարի պէս, Իր խուզողներուն առջեւ մունջ կեցող մաքիի պէս՝ Այնպէս իր բերանը չբացաւ։
8Նեղութեամբ եւ դատապարտութեամբ՝ ՝ վերցուեցաւ Ու անոր ազգատոհմը ո՞վ պիտի յայտնէ, Քանզի անիկա կենդանիներուն երկրէն կտրուեցաւ, Անիկա իմ ժողովուրդիս յանցանքին համար զարնուեցաւ։
9Անոր գերեզմանը ամբարիշտներուն հետ դրուեցաւ, Բայց երբ մեռաւ հարուստին հետ եղաւ։ Քանզի անիկա անօրէնութիւն մը չգործեց Ու անոր բերնին մէջ նենգութիւն մը չգտնուեցաւ։
10Տէրը հաճեցաւ, որ ան ճզմուի եւ տագնապի հանդիպի, Երբ իր անձը մեղքի համար ողջակիզէ, Անիկա սերունդ պիտի տեսնէ, իր օրերը պիտի երկնցնէ Ու Տէրոջը կամքը անոր ձեռքով պիտի յաջողի։
11Իր անձին աշխատութեանը պտուղը տեսնելով պիտի կշտանայ։ Իմ արդար ծառաս իր գիտութիւնովը շատերը պիտի արդարացնէ, Քանզի անոնց անօրէնութիւնները ինք պիտի կրէ։
12Անոր համար մեծերուն հետ բաժին պիտի տամ անոր Եւ հզօրներուն հետ աւարէն բաժին պիտի առնէ, Քանզի իր անձը մահուան մատնեց, Յանցաւորներու հետ սեպուեցաւ. Շատերու մեղքը վերցուց Ու յանցաւորներու համար միջնորդութիւն ըրաւ։