Isaiah 50WARMB

1Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Ո՞ւր է ձեր մօրը ապահարզանի թուղթը, Որով ես զանիկա արձակեցի. Կամ ո՞վ է այն պարտատէրս, Որուն ես ձեզ ծախեցի։ Ահա դուք ձեր անօրէնութիւններուն համար ծախուեցաք Ու ձեր մայրը ձեր յանցանքներուն համար արձակուեցաւ։

2Ինչո՞ւ համար իմ եկած ատենս մարդ մը չկար Ու կանչած ատենս պատասխան տուող մը չկար։ Միթէ իմ ձեռքս կարճըցա՞ւ, որ փրկելու կարող չըլլամ, Կամ թէ ազատելու զօրութիւն չունի՞մ։ Ահա ես սաստելով ծովը կը ցամքեցնեմ, Գետերը անապատի կը դարձնեմ, Անոնց ձուկերը ջուր չըլլալուն համար կը հոտին Ու ծարաւէն կը մեռնին։

3Երկինքներուն խաւար կը հագցնեմ։ Ու ծածկոցի համար անոնց վրայ քուրձ կը դնեմ»։

4Տէր Եհովան ինծի իմաստուններու լեզու տուաւ, Որպէս զի կարենամ խօսքով օգնել յոգնածին։ Ամէն առտու զիս կ’արթնցնէ, Անիկա իմ ականջս կը բանայ, Որպէս զի աշակերտներու պէս լսեմ։

5Տէր Եհովան իմ ականջս բացաւ Ու ես անհնազանդ չեղայ, ետ չդարձայ։

6Իմ կռնակս զարնողներուն Եւ այտերս փետտողներուն տուի. Իմ երեսս նախատինքէն ու թուքէն չծածկեցի,

7Բայց Տէր Եհովան ինծի կ’օգնէ, Անոր համար ամօթապարտ պիտի չըլլամ, Անոր համար իմ երեսս գայլախազի պէս ըրի Ու գիտեմ թէ պիտի չամչնամ։

8Զիս արդարացնողը մօտ է։ Ո՞վ ինծի հետ պիտի վիճի։ Միասին մէջտեղը կենանք։ Իմ դատախազս ո՞վ է։ Թող ինծի մօտենայ։

9Ահա Տէր Եհովան ինծի պիտի օգնէ։ Ո՞վ զիս յանցաւոր պիտի հանէ։ Ահա ամէնքը հանդերձի պէս պիտի մաշին, Ցեցը պիտի ուտէ զանոնք։

10Ձեր մէջ Տէրոջմէն վախցող, Անոր ծառային ձայնին մտիկ ընող կա՞յ, Որ մութի մէջ կը քալէ ու բնաւ լոյս չունի։ Թող անիկա Տէրոջը անուանը ապաւինի Ու իր Աստուծոյն կռթնի։

11Ահա դուք ամէնքդ, որ կրակ կը վառէք Ու կայծերով կը շրջապատուիք, Ձեր կրակին լոյսովը Ձեր վառած կայծերուն մէջ քալեցէք։ Ասիկա ձեզի իմ ձեռքովս պիտի ըլլայ, Դուք տրտմութեամբ պիտի պառկիք։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Isaiah 50.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.