Isaiah 48WARMB

1Լսեցէ՛ք ասիկա, ո՛վ Յակոբի տուն, Որ Իսրայէլի անունովը կանչուած էք Ու Յուդայի աղբիւրէն ելեր էք Եւ Տէրոջը անունովը երդում կ’ընէք Ու Իսրայէլի Աստուածը կը յիշէք, Բայց ճշմարտութեամբ չէ ու արդարութեամբ չէ։

2(Քանզի անոնք Սուրբ քաղաքին անունովը կը յիշուին Եւ Իսրայէլին Աստուծոյն կը կռթնին, Որուն անունը Եհովա Սաբաւովթ է)։

3Առաջուան բաները կանուխէն պատմեցի։ Անոնք իմ բերնէս ելան եւ զանոնք իմացուցի. Զանոնք յանկարծ ըրի ու եղան։

4Որովհետեւ գիտէի թէ դուն խիստ ես Եւ քու պարանոցդ երկաթէ ջիղեր ունի Ու պղնձէ ճակատ մը ունիս։

5Քեզի կանուխէն պատմեցի Ու դեռ չեղած քեզի իմացուցի, Որ չըլլայ թէ ըսես. «Զանոնք իմ արձանս ըրաւ Եւ իմ քանդակած ու ձուլածոյ կուռքս հրամայեց»։

6«Դուն զանոնք լսեցիր, նայէ, անոնց ամէնքը կատարուեցան Ու դուն զանիկա պիտի չհրապարակե՞ս. Ես քեզի ասկէ ետքը նոր ու ծածուկ բաներ պիտի գիտցնեմ, Որոնք դուն չգիտցար։

7Անոնք հիմա՛ ստեղծուեցան եւ ո՛չ թէ առաջուընէ։ Ասկէ առաջ զանոնք չլսեցիր, Որ չըլլայ թէ ըսես. ‘Ահա զանոնք գիտցայ’։

8Դուն ո՛չ լսեցիր, ո՛չ ալ գիտցար։ Սկիզբէն քու ականջդ չբացուեցաւ. Վասն զի գիտցայ թէ դուն խիստ նենգաւոր ես։ Դուն որովայնէն ապստամբ կոչուեցար։

9Եւ իմ անուանս համար բարկութիւնս պիտի յետաձգեմ Եւ իմ փառքիս համար պիտի համբերեմ քեզի, Որպէս զի քեզ չկորսնցնեմ։

10Ահա քեզ մաքրեցի, բայց ոչ թէ արծաթի պէս՝ ՝։ Քեզ նեղութեան հալոցին մէջ փորձեցի։

11Ասիկա ինծի՛ համար, ինծի՛ համար պիտի ընեմ։ Ինչո՞ւ իմ անունս պղծուի։ Ես իմ փառքս ուրիշի չեմ տար։

12Ո՛վ Յակոբ ու իմ կանչած Իսրայէլս, ինծի՛ մտիկ ըրէք. Ես նոյնն եմ։ Առաջինը ե՛ս եմ, վերջի՛նն ալ ես եմ։

13Իմ ձեռքս երկիրն ալ հիմնեց Ու իմ աջ ձեռքս տարածեց երկինքը։ Երբ ես զանոնք կանչեմ, Անոնք մէկտեղ իմ առջեւս պիտի կենան։

14Ամէնքդ հաւաքուեցէ՛ք ու մտի՛կ ըրէք։ Անոնցմէ ո՞վ պատմեց այս բաները։ Տէրոջը սիրածը Բաբելոնի մէջ անոր կամքը պիտի գործադրէ Եւ իր բազուկը Քաղդէացիներուն վրայ պիտի երկնցնէ ։

15Ե՛ս, ե՛ս խօսեցայ ու զանիկա կանչեցի։ Զանիկա բերի եւ անոր ճամբան պիտի յաջողի։

16Ինծի՛ մօտեցէք, ասիկա՛ լսեցէք. Առաջուընէ ծածուկ չխօսեցայ։ Այս բաներուն եղած ժամանակէն ի վեր ես հոն եմ»։ Ու զիս Տէր Եհովան՝ անոր Հոգին ղրկեց։

17Այսպէս կ’ըսէ Տէրը, Քու Փրկիչդ, Իսրայէլի Սուրբը. «Ես եմ քու Տէր Աստուածդ, Որ քեզի օգտակար եղածը կը սորվեցնեմ, Քալելու ճամբուդ մէջ քեզի կ՛առաջնորդեմ։

18Երանի՜ թէ իմ պատուիրանքիս մտիկ ընէիր։ Այն ատեն քու խաղաղութիւնդ՝ գետի պէս Ու արդարութիւնդ ծովուն ալիքներուն պէս պիտի ըլլար.

19Քու սերունդդ՝ աւազի չափ Ու որովայնիդ ծնունդը անոր խիճին չափ պիտի ըլլար։ Անոր անունը իմ առջեւէս պիտի չկտրուէր ու չկորսուէր»։

20Բաբելոնէն ելէ՛ք, Քաղդէացիներէն փախէ՛ք. Ասիկա յաղթութեան երգով պատմեցէ՛ք ու հրատարակեցէ՛ք. Ասիկա մինչեւ երկրի ծայրը տարածեցէ՛ք, Ըսելով. «Տէրը իր Յակոբ ծառան փրկեց»։

21Երբ զանոնք անապատներու մէջ պտըտցուց, չծարաւցան. Անոնց համար վէմէն ջուրեր վազցուց, Վէմը պատռեց ու անկէ ջուրեր բղխեցան։

22«Ամբարիշտները խաղաղութիւն պիտի չունենան», կ’ըսէ Տէրը։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Isaiah 48.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.