Isaiah 4WARMB

1Այն օրը եօթը կին մէկ այր մարդ պիտի բռնեն ու ըսեն. «Մեր հացը ուտենք ու մեր հանդերձը հագնինք, Բայց միայն քու անունդ կանչուի մեր վրայ՝ Մեր նախատինքը վերցնելու համար»։

2Այն օրը Տէրոջը շառաւիղը Փառաւոր ու պատուական պիտի ըլլայ Եւ Իսրայէլի ազատուածներուն՝ Երկրին պտուղը պարծանքի եւ պատիւի համար պիտի ըլլայ։

3Որպէս զի Սիօնի մէջ մնացածը Ու Երուսաղէմի մնացորդը, Այսինքն Երուսաղէմի մէջ բոլոր ողջ մնացողները, Սուրբ կոչուին,

4Երբ Տէրը Սիօնի աղջիկներուն աղտը լուայ Ու դատաստանի հոգիով եւ այրող հոգիով Երուսաղէմի արիւնները անոր մէջէն սրբէ։

5Տէրը Սիօն լերանը վրայ Ու անոր ժողովարաններուն վրայ Ցորեկը ամպ եւ մէգ Ու գիշերը փայլուն կրակի բոց պիտի ստեղծէ, Որպէս զի բոլոր փառքին վրայ հովանի ըլլայ։

6Ցորեկը վրան պիտի ըլլայ, Տաքութեան համար՝ հովանի Եւ մրրիկին ու անձրեւի համար Ապաստանարան ու ծածկոց ըլլալու։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Isaiah 4.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.