Isaiah 32WARMB

1Ահա թագաւոր մը արդարութեամբ պիտի թագաւորէ Ու իշխանները իրաւունքով պիտի իշխեն։

2Այս մարդը՝ ՝ հովին դէմ դնող պատսպարանի պէս Ու փոթորիկին դէմ դնող ծածկոցի պէս, Չոր տեղը՝ ջուրի վտակներու պէս Եւ ծարաւուտ երկրի մէջ Մեծ ապառաժի մը հովանիին պէս պիտի ըլլայ։

3Տեսնողներուն աչքերը պիտի շլանան, Լսողներուն ականջները մտիկ պիտի ընեն։

4Արտորացողներուն սիրտը առողջ դատողութիւն պիտի ունենայ Եւ թոթովախօսներուն լեզուն Յստակ խօսելու պատրաստ պիտի ըլլայ։

5Անզգամին անգամ մըն ալ ազնուաբարոյ պիտի չըսուի, Ագահին անգամ մըն ալ առատաձեռն պիտի չըսուի.

6Վասն զի անզգամը անզգամութեամբ կը խօսի Ու անոր սիրտը անօրէնութեամբ կը գործէ։ Կեղծաւորութիւն կ’ընէ ու Տէրոջը վրայով ամբարշտութեամբ կը խօսի։ Անօթին հոգին կերակուրէ կը զրկէ Ու ծարաւին խմելիքը կը հատցնէ։

7Ագահին հնարքները չար են Անիկա սուտ խօսքերով աղքատները կորսնցնելու համար Նենգութիւններ կը խորհի, Եթէ նոյնիսկ տնանկին դատը արդար ըլլայ։

8Բայց ազնուաբարոյ մարդը ազնիւ բաներ կը խորհի Ու ազնիւ բաներու վրայ հաստատ կը մնայ։

9Ո՛վ հանգիստ կիներ, ելէ՛ք, Իմ ձայնիս մտիկ ըրէ՛ք. Ո՛վ անհոգ աղջիկներ, Իմ խօսքիս ակա՛նջ տուէք։

10Օրերով ու տարիներով խռովութեան մէջ պիտի ըլլաք, Ո՛վ անհոգ կիներ, Քանզի այգեկութքը կորսուեցաւ, Հունձքին ժամանակը պիտի չգայ։

11Ո՛վ հանգիստ կիներ, դողացէ՛ք. Ո՛վ անհոգ կիներ, խռովութեան մէջ ինկէ՛ք. Հանուեցէ՛ք ու մերկացէ՛ք Ու մէջքերնիդ քուրձ կապեցէ՛ք։

12Ցանկալի արտերուն ու պտղաբեր որթատունկին համար Կուրծքերնին պիտի ծեծեն՝ ՝։

13Իմ ժողովուրդիս երկրին վրայ Փուշ եւ ցախ պիտի բուսնի. Նոյնպէս բոլոր ուրախութեան տուներուն վրայ՝ Բերկրալի քաղաքին մէջ։

14Քանզի պալատները երեսէ պիտի ձգուին, Աղմկայոյզ քաղաքը պիտի լքուի, Բերդերն ու պարիսպները յաւիտեան քարայրներ պիտի ըլլան, Ցիռերու զուարճութեան համար ու խաշինքներու արօտ ըլլալու համար,

15Մինչեւ որ վերէն մեր վրայ Հոգի թափուի Ու անապատը պտղաբեր արտի դառնայ Եւ պտղաբեր արտը անտառ համարուի։

16Այն ատեն անապատին մէջ իրաւունքը պիտի բնակի Ու պտղաբեր արտին մէջ արդարութիւնը պիտի հանգչի։

17Եւ արդարութեան գործը՝ խաղաղութիւն Ու արդարութեան արդիւնքը հանգիստ ու ապահովութիւն պիտի ըլլայ յաւիտեան։

18Իմ ժողովուրդս խաղաղաւէտ բնակութեան մէջ Ու ապահով վրաններու մէջ Եւ կատարեալ հանգստութեան մէջ պիտի բնակի։

19Բայց կարկուտ պիտի իջնէ անտառին վրայ Ու քաղաքը բոլորովին պիտի խոնարհի։

20Երանի՜ ձեզի, որ ջուրերու քով կը ցանէք Ու եզն ու էշը ազատ կը թափառին։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Isaiah 32.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.