Isaiah 30WARMB

1«Վա՜յ ապստամբ տղաքներուն, կ’ըսէ Տէրը, Որոնք մեղք մեղքի վրայ աւելցնելու համար Խորհուրդ կ’ընեն, բայց ինծմով չէ. Դաշինք կը կնքեն, բայց իմ Հոգիովս չէ.

2Որոնք առանց իմ խորհուրդս հարցնելու Կ’երթան Եգիպտոս կ’իջնեն, Փարաւոնին պաշտպանութեանը տակ ապաստան փնտռելու Ու Եգիպտոսին հովանիին ապաւինելու համար։

3Բայց Փարաւոնին պաշտպանութիւնը ձեզի՝ ամօթ Ու Եգիպտոսին հովանիին ապաւինիլը ձեզի նախատինք պիտի ըլլայ,

4Քանզի անոր իշխանները Տայանիս գացին Ու դեսպանները Հանէս հասան։

5Ամէնքը ամչցան այն ժողովուրդին պատճառով, Որ իրենց օգուտ մը ընելու կարողութիւն չունի։ Անիկա չի կրնար օգնութիւն մը ընել կամ օգուտ մը ունենալ, Հապա իրենց ամօթ ու նախատինք պիտի ըլլայ»։

6Ահա բեռ կրող անասունները՝ ՝ ՝ դէպի հարաւ՝ Նեղութեան ու վշտերու, Մատակ առիւծի եւ առոյգ առիւծի, Իժի ու կիզող թեւաւոր օձի երկիրը կ’երթան. Իրենց ստացուածքը՝ էշերու կռնակին վրայ Ու իրենց գանձերը ուղտի սապատին վրայ կը տանին Այնպիսի ժողովուրդի մը, որ իրենց օգուտ չունի։

7Վասն զի Եգիպտացիները պարապ ու զուր տեղ օգնութիւն կ’ընեն։ Անոր համար զինք « Պարապ նստող, պարծենկոտ» կոչեցի։

8Ուրեմն գնա՛, անոնց առջեւ ասիկա տախտակի վրայ գրէ՛ Եւ գրքի մէջ դրոշմէ՛, Որպէս զի ապագային Յաւիտենականութեան վկայութեան համար մնայ։

9Քանզի ասիկա ապստամբ ժողովուրդ մըն է, Ատախօս տղաքներ են Ու այնպիսի տղաքներ են, որոնք Տէրոջը օրէնքը լսել չեն ուզեր,

10Որոնք տեսանողներուն կ’ըսեն. «Մի՛ տեսնէք» Ու մարգարէներուն՝ «Մեզի համար ուղիղ բաներ մի՛ մարգարէանաք. Մեզի շողոքորթութիւններ ըրէ՛ք, Խաբէութիւններ մարգարէացէ՛ք,

11Ճամբայէն ե՛տ քաշուեցէք, Շաւիղէն խոտորեցէ՛ք, Իսրայէլին Սուրբը մեր առջեւէն վերցուցէ՛ք»։

12Ահա Իսրայէլին Սուրբը այսպէս կ’ըսէ. «Որովհետեւ դուք այս խօսքը անարգեցիք Եւ բռնութեան ու ծռութեան ապաւինեցաք՝

13Անոր համար այս անօրէնութիւնը Բարձր պարիսպի մը՝ իյնալու վրայ եղող Ուռեցած ճեղքուածքի պէս պիտի ըլլայ ձեզի, Որուն կործանումը յանկարծակի՝ մէկ վայրկեանի մէջ՝ պիտի գայ։

14Եւ զանիկա բրուտներու սափորին կոտրուելուն պէս պիտի կոտրէ. Պիտի փշրէ ու չխնայէ։ Անոր կտորուանքներուն մէջ Կրակարանէն կրակ առնելու Կամ փոսէն ջուր հանելու խեցիի կտոր մը պիտի չգտնուի։

15Վասն զի Տէր Եհովան, Իսրայէլին Սուրբը, այսպէս կ’ըսէ. «Դուք դառնալով ու հանգստանալով փրկութիւն կը գտնէք, Ձեր զօրութիւնը հանդարտութեամբ ու վստահութեամբ կ’ըլլայ»։ Բայց դուք չուզեցիք,

16Հապա ըսիք. «Ո՛չ, ձի հեծնենք փախչինք»։ Անոր համար պիտի փախչիք։ «Արագընթաց ձիերու վրայ հեծնենք», ըսիք, Անոր համար ձեզ հալածողներն ալ արագընթաց պիտի ըլլան։

17Մէկուն սպառնալիքովը՝ հազարնիդ, Հինգին սպառնալիքովը ամէնքդ պիտի փախչիք. Մինչեւ որ լերան գլուխը սիւնի պէս Ու բլուրին վրայ նշանի պէս լքուիք։

18Բայց Տէրը պիտի սպասէ, որպէս զի ձեզի գթութիւն ընէ Ու պիտի բարձրանայ, որպէս զի ձեզի ողորմի. Քանզի Տէրը արդար Աստուած մըն է։ Երանի՜ այն ամենուն, որ անոր կը սպասեն։

19Ահա ո՛վ ժողովուրդ, որ Երուսաղէմի մէջ, Սիօնի վրայ կը բնակիս, Ա՛լ բնաւ պիտի չլաս։ Քու աղաղակիդ ձայնը լսածին պէս շուտով քեզի պիտի ողորմի Եւ քեզի պատասխան պիտի տայ։

20Թէեւ Տէրը ձեզի նեղութեան հաց ու տառապանքի ջուր տայ, Քու ուսուցիչներդ անգամ մըն ալ պիտի չհեռանան, Հապա քու աչքերդ քու ուսուցիչներդ պիտի տեսնեն։

21Երբ աջ կողմը կամ ձախ կողմը խոտորելու ըլլաս, Քու ականջներդ ետեւէդ խօսք մը պիտի լսեն, որ կ’ըսէ. «Ասիկա է ճամբան, ասկէ քալեցէք»։

22Այն ատեն քու քանդակած արծաթ կուռքերուդ ծածկոցները Ու ձուլածոյ ոսկի կուռքերուդ զարդերը պիղծ պիտի համարես, Զանոնք դաշտանի լաթի պէս պիտի նետես։ Անոնց ամէն մէկուն պիտի ըսես. «Դո՛ւրս ելիր»։

23Եւ Տէրը քու սերմանած երկրիդ հունտերուն վրայ՝ անձրեւ Ու երկրի արդիւնքէն հաց պիտի տայ Եւ առատ ու պարարտ պիտի ըլլայ։ Այն օրը քու խաշինքդ ընդարձակ արօտի մէջ պիտի ճարակին։

24Երկիրը գործող եզներն ու էշերը Թիով ու հեծանոցով հոսած Մաքուր կերակուր պիտի ուտեն։

25Մեծ կոտորածին օրը, Աշտարակներուն կործանման ատենը, Ամէն բարձր լերան վրայ Եւ ամէն բարձրացած բլուրի վրայ Գետեր ու ջուրի առուներ պիտի ըլլան։

26Այն օրը երբ Տէրը իր ժողովուրդին վերքը պատէ Ու անոնց հարուածին խոցը բժշկէ, Լուսնին լոյսը արեւին լոյսին պէս Ու արեւին լոյսը եօթնապատիկ աւելի Ու եօթը օրուան լոյսին չափ պիտի ըլլայ։

27Ահա Տէրոջը անունը հեռուէն կու գայ։ Անոր բարկութիւնը կը վառի ու բոցը սաստիկ է։ Շրթունքները սրտմտութեամբ լեցուած են Ու լեզուն մաշող կրակի պէս է։

28Անոր հոգին յորդահոս գետի պէս Մինչեւ պարանոցը պիտի հասնի, Որպէս զի ազգերը ունայնութեան մաղով մաղէ Եւ ժողովուրդներուն կզակը սանձ դնելով՝ զանոնք մոլորեցնէ։

29Դուք սուրբ տօնի մը գիշերուան պէս երգ պիտի ունենաք Ու Իսրայէլին Վէմին՝ Տէրոջը՝ լեռը երթալու համար Սրինգով գացողի պէս սրտի ուրախութիւն պիտի ունենաք ։

30Տէրը իր փառաւոր ձայնը լսել պիտի տայ Ու իր սաստիկ բարկութիւնովը եւ մաշող կրակին բոցովը, Հեղեղով, փոթորիկով ու կարկուտի քարերով Իր երկնցած բազուկը՝ ՝ պիտի ցուցնէ։

31Վասն զի գաւազանով զարնող Ասորեստանցին Տէրոջը ձայնէն պիտի զարհուրի

32Ու որոշուած գաւազանին ամէն հարուած, Որ Տէրը անոր վրայ պիտի իջեցնէ, Թմբուկներով ու քնարներով պիտի ըլլայ։ Անոր հետ աղմկալից պատերազմներով պիտի պատերազմի։

33Քանզի Տոփեթը շատոնց պատրաստուած է։ Անիկա ալ թագաւորին համար պատրաստուեցաւ, Զանիկա խորունկցուց ու լայն ցուց, Ան դիզած է կրակ ու փայտ։ Տէրոջը շունչը ծծումբի հեղեղի պէս զայն պիտի բռնկեցնէ։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Isaiah 30.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.