Isaiah 16WARMB

1Ղրկեցէ՛ք գառը երկրին տիրողին, Վէմէն անապատին ճամբով Սիօնին աղջկան լեռը։

2Մովաբին աղջիկները Առնոնին անցքերուն քով՝ Բոյնէն վռնտուած թափառական թռչունի պէս պիտի ըլլան։

3«Խորհո՛ւրդ տուր, դատաստա՛ն ըրէ։ Քու հովանիդ կէսօրուան ատեն գիշերի պէս դի՛ր, Աքսորուածները պահէ՛ ու փախստականները մի՛ յանձներ։

4Աքսորուածները թող քու քովդ պանդուխտի պէս բնակին, ո՛վ Մովաբ. Դուն զանոնք ծածկէ հալածողէն։ Քանզի բռնաւոր չմնաց, աւերողը պակսեցաւ Եւ կոխկռտողները երկրին վրայէն վերցուեցան։

5Աթոռը ողորմութեամբ պիտի հաստատուի Եւ անոր վրայ Դաւիթին խորանին մէջ Այնպիսի դատաւոր մը պիտի նստի ճշմարտութեամբ, Որ իրաւունքը պիտի փնտռէ Ու արդարութիւնը շուտով պիտի գործադրէ»։

6Մովաբին ամբարտաւանութիւնը լսեցինք։ Անիկա խիստ ամբարտաւան է։ Անոր գոռոզութիւնը, ամբարտաւանութիւնն ու սրտմտութիւնը լսեցինք ։ Անոր սնապարծ խօսքերը պարապ են։

7Այս պատճառով Մովաբ պիտի ողբայ, Ամէնքը պիտի ողբան Մովաբին համար։ Կիրհարէսէթին հիմերուն վրայ պիտի հեծեծէք, Անոնք իրապէս կործանուած են։

8Քանզի Եսեբոնին դաշտերը նուաղեցան. Ազգերու իշխանները Սեբամային որթատունկին ամենէն պատուական ճիւղերը կոտրեցին, Որոնք մինչեւ Յազեր հասեր էին եւ անապատը շրջապատեր էին։ Անոր շառաւիղները երկննալով՝ ծովէն անցեր էին։

9Ասոր համար Սեբամային որթատունկին վրայ Յազերին լացովը պիտի լամ. Ձեզ աչքիս արցունքովը պիտի ոռոգեմ, ո՛վ Եսեբոն ու Եղէաղէ, Վասն զի ձեր ամառնային պտուղին ու հունձքին համար եղած աղաղակը դադրեցաւ։

10Պտղաբեր արտերէն ուրախութիւնն ու ցնծութիւնը պիտի վերնան, Այգիներու մէջ երգերու եւ ցնծութեան ձայն պիտի չլսուի։ Հնձանի մէջ ա՛լ գինի պիտի չկոխեն։ Անոնց աղաղակը վերջացուցի։

11Այս պատճառով իմ հոգիս՝ Մովաբին համար Ու սիրտս Կիրհարէսէթին համար քնարի պէս ձայն պիտի տայ։

12Այն ատեն պիտի երեւնայ Թէ ինչպէս Մովաբ իր բարձր տեղը երթալով պիտի յոգնի Ու իր սրբարանը պիտի մտնէ աղօթք ընելու համար, Բայց օգուտ մը պիտի չունենայ։

13Այս է այն խօսքը որ Տէրը շատոնց Մովաբին համար ըսեր էր։

14Բայց հիմա Տէրը խօսեցաւ ու ըսաւ. «Երեք տարուան մէջ, վարձկանի տարիներու պէս, Մովաբին փառքը պիտի անարգուի Այն բոլոր մեծ բազմութիւնովը Եւ մնացորդը խիստ փոքր ու տկար պիտի ըլլայ»։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Isaiah 16.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.