1Յեսսէին բունէն շառաւիղ մը պիտի ելլէ Եւ անոր արմատէն ընձիւղ մը պիտի բուսնի
2Ու անոր վրայ պիտի հանգչի Տէրոջը Հոգին, Իմաստութեան ու հանճարի Հոգին, Խորհուրդի ու զօրութեան Հոգին, Գիտութեան եւ Աստուծոյ վախին Հոգին։
3Անիկա Տէրոջը վախովը պիտի լեցուի Եւ իր աչքերուն տեսածին համեմատ պիտի չդատէ Ու իր ականջներուն լսածին համեմատ պիտի չյանդիմանէ.
4Հապա աղքատին դատը արդարութեամբ պիտի տեսնէ Ու երկրին զրկուածներուն համար իրաւամբ պիտի յանդիմանէ։ Իր բերնին գաւազանովը երկիրը պիտի զարնէ Ու իր շրթունքներուն հոգիովը ամբարիշտը պիտի մեռցնէ։
5Իր մէջքին գօտին՝ արդարութիւնը Ու իր երիկամունքներուն գօտին հաւատարմութիւնը պիտի ըլլայ։
6Գայլը գառին հետ պիտի բնակի Ու ինձը ուլին հետ պիտի պառկի։ Հորթն ու առոյգ առիւծը եւ պարարտ զուարակը մէկտեղ պիտի արածին Ու զանոնք պզտիկ տղայ մը պիտի քշէ։
7Կովը արջին հետ պիտի ճարակի, Անոնց ձագերը մէկտեղ պիտի պառկին։ Առիւծը արջառի պէս յարդ պիտի ուտէ
8Ու կաթնկեր տղան իժին ծակին վրայ պիտի խաղայ Եւ կաթէն կտրուածը ձեռքը քարբին բոյնին վրայ պիտի դնէ։
9Անոնք պիտի չվնասեն ու չապականեն իմ բոլոր սուրբ լերանս վրայ. Քանզի երկիրը Տէրոջը գիտութիւնովը պիտի լեցուի, Ինչպէս ջուրերը ծովը կը ծածկեն։
10Այն օրը Յեսսէին արմատը պիտի կանգնի ժողովուրդներուն դրօշակ ըլլալու համար։ Ազգերը զանիկա պիտի փնտռեն Ու անոր հանգիստը փառաւոր պիտի ըլլայ։
11Եւ այն օրը Տէրը նորէն իր ձեռքը պիտի երկնցնէ, Որպէս զի Ասորեստանէն, Եգիպտոսէն, Պաթուրէսէն, Եթովպիայէն, Եղամէն, Սենաարէն, Եմաթէն Ու ծովուն կղզիներէն իրեն առնէ Իր ժողովուրդին մնացորդը։
12Եւ ազգերուն դրօշակը պիտի վերցնէ Ու Իսրայէլին աքսորուածները պիտի հաւաքէ Ու երկրին չորս անկիւններէն Յուդային ցրուածները պիտի հաւաքէ։
13Եփրեմին նախանձը պիտի վերնայ Եւ Յուդան նեղողները պիտի կորսուին. Եփրեմը պիտի չնախանձի Յուդային։ Յուդան պիտի չնեղէ Եփրեմը.
14Հապա անոնք դէպի արեւմուտք Փղշտացիներուն ուսերուն վրայ պիտի թռչին Ու մէկտեղ արեւելքի բնակիչները պիտի կողոպտեն։ Եդովմին ու Մովաբին վրայ ձեռքերնին պիտի երկնցնեն Ու Ամմոնին որդիները անոնց պիտի հնազանդին։
15Տէրը Եգիպտոսին ծովին լեզուն պիտի կործանէ Եւ իր հովին սաստիկ զօրութիւնովը ձեռքը գետին վրայ պիտի շարժէ Ու զանիկա եօթը ձորի բաժնելով պիտի զարնէ, Այնպէս որ անոր վրայ կօշիկներով քալուի։
16Իր ժողովուրդին մնացորդին համար Բանուկ ճամբայ մը պիտի ըլլայ Ասորեստանէն, Ինչպէս եղաւ Իսրայէլին, Այն օրը՝ երբ Եգիպտոսէն ելան։