Hosea 2WARMB

1Ձեր եղբայրներուն Ամմի, Ու ձեր քոյրերուն Րուհամա ըսէք։

2Վիճեցէ՛ք ձեր մօրը հետ, վիճեցէք, Քանզի անիկա իմ կինս չէ Ու ես անոր այրը չեմ։ Անիկա իր երեսէն իր պոռնկութիւնները Ու իր ծիծերուն մէջէն իր շնութիւնները թող վերցնէ,

3Որ չըլլայ թէ զանիկա մերկացնեմ, Զանիկա իր ծննդեան օրուանը պէս թողում, Զանիկա անապատի դարձնեմ, Զանիկա անջուր երկրի պէս ընեմ, Զանիկա ծարաւով մեռցնեմ։

4Անոր որդիներուն ողորմութիւն պիտի չընեմ, Քանզի անոնք պոռնկութեան որդիներ են։

5Անոնց մայրը պոռնկութիւն ըրաւ, Զանոնք յղացողը խայտառակութիւն գործեց։ Վասն զի ըսաւ. «Իմ տարփածուներուս ետեւէն երթամ, Որոնք իմ հացս ու ջուրս, բուրդս ու քթանս, Իւղս ու խմելիքներս ինծի կու տան»։

6Անոր համար ահա ես փուշերով ցանկ պիտի քաշեմ անոր ճամբուն՝ ՝ Ու անոր բոլորտիքը պատ պիտի շինեմ, Որպէս զի իր ճամբաները չկրնայ գտնել։

7Եւ անիկա իր տարփածուներուն ետեւէն պիտի երթայ, բայց անոնց պիտի չհասնի։ Զանոնք պիտի փնտռէ, բայց պիտի չկրնայ գտնել։ Այն ատեն պիտի ըսէ. «Երթամ իմ առաջուան էրկանս, Քանզի այն ատեն հիմակուընէ աղէկ վիճակի մէջ էի»։

8Եւ մայրդ չգիտցաւ թէ ցորենն ու գինին ու իւղը ես իրեն կու տայի Եւ իրեն արծաթն ու ոսկին ես կը շատցնէի, Որոնցմով անոնք Բահաղի Կուռքեր շինեցին ։

9Անոր համար պիտի դառնամ ու իմ ցորենս իր եղանակին մէջ Ու իմ գինիս իր որոշ ժամանակին մէջ պիտի առնեմ Եւ անոր մերկութիւնը ծածկող բուրդս ու քթանս ետ պիտի առնեմ։

10Հիմա անոր տարփածուներուն առջեւ Անոր անզգամութիւնը պիտի յայտնեմ։ Մարդ պիտի չգտնուի, որ զանիկա իմ ձեռքէս ազատէ։

11Անոր բոլոր ուրախութիւնը, Անոր տօները, ամսագլուխներն ու շաբաթները Եւ բոլոր հանդիսաւոր օրերը պիտի խափանեմ։

12Պիտի աւերեմ անոր որթատունկերն ու թզենիները, Որոնց համար կ’ըսէր թէ ‘Ասոնք տարփածուներուս ինծի տուած պարգեւներն են’, Եւ անտառի պիտի դարձնեմ զանոնք Ու դաշտի գազանները պիտի ուտեն զանոնք։

13Զանիկա պիտի պատժեմ այն օրերուն համար, Որոնց մէջ անիկա Բահաղիմներուն խունկ կը ծխէր, Իր օղերովն ու մանեակներովը կը զարդարուէր Եւ իր տարփածուներուն ետեւէն կ’երթար Ու զիս մոռցեր էր», կ’ըսէ Տէրը։

14«Անոր համար ահա ես զանիկա պիտի հրապուրեմ, Զանիկա անապատը պիտի տանիմ, Անոր սրտին պէս պիտի խօսիմ։

15Անկէ անոր այգիները Աքովրի ձորը յոյսի դրան համար անոր պիտի տամ, Հոն իր մանկութեան օրերուն պէս, Եգիպտոսի երկրէն ելած օրուանը պէս երգեր պիտի երգէ։

16Այն օրը, կ’ըսէ Տէրը, Զիս ‘Իմ այրս’ պիտի կոչես, Ու անգամ մըն ալ զիս ‘Իմ Բահաղս’ պիտի չկոչես։

17Անոր բերնէն Բահաղամի անունները պիտի ջնջեմ Ու անոնք անգամ մըն ալ իրենց անուններովը պիտի չյիշուին։

18Անոնց համար այն օրը՝ Դաշտի գազաններուն հետ, երկնքի թռչուններուն հետ Ու երկրի սողուններուն հետ ուխտ պիտի ընեմ։ Երկրէն աղեղը, սուրն ու պատերազմը պիտի վերցնեմ, Զանոնք ապահովութեամբ պիտի պառկեցնեմ։

19Քեզ յաւիտեան ինծի պիտի նշանեմ. Քեզ արդարութիւնով, իրաւունքով, Ողորմութիւնով ու գթութիւնով ինծի պիտի նշանեմ.

20Այո՛, քեզ ճշմարտութիւնով ինծի պիտի նշանեմ Ու Տէրը պիտի ճանչնաս։

21Եւ ‘Այն օրը, կ’ըսէ Տէրը, պատասխան պիտի տամ, Ես երկինքներուն պատասխան պիտի տամ Ու անոնք երկրին պատասխան պիտի տան

22Ու երկիրը ցորենին, գինիին ու իւղին պատասխան պիտի տայ։ Անոնք Յեզրայէլին պատասխան պիտի տան։

23Զանիկա ինծի համար երկրի վրայ պիտի սերմանեմ Ու «Չողորմեալին» պիտի ողորմիմ Եւ իմ ժողովուրդս չեղողին՝ ‘Դուն իմ ժողովուրդս ես’, պիտի ըսեմ. Ան ալ ինծի ՝ ‘Իմ Աստուածս ես’, պիտի ըսէ’»։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Hosea 2.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.