Hebrews 5WARMB

1Վասն զի ամէն քահանայապետ մարդոց մէջէն առնուած՝ մարդոց համար կը կենայ Աստուծմէ կանչուած, որպէս զի պատարագներ ու զոհեր մատուցանէ մեղքերու համար

2Եւ կրնայ կարեկցիլ անոնց՝ որ տգէտ ու մոլորեալ են, վասն զի ինք ալ տկարութիւնով պաշարուած է

3Եւ այս պատճառով պարտաւոր է ինչպէս ժողովուրդին համար՝ նոյնպէս իր անձին համար ալ մեղքի պատարագ մատուցանել։

4Մէկը ինքնիրմէ այս պատիւը չառներ, հապա ան՝ որ Աստուծմէ կանչուած է, ինչպէս Ահարոն։

5Նոյնպէս ալ Քրիստոս ո՛չ թէ իր անձը մեծարեց քահանայապետ ըլլալու, հապա անիկա՝ որ ըսաւ իրեն. «Դուն իմ Որդիս ես, ես այսօր քեզ ծնայ».

6Ինչպէս ուրիշ տեղ մըն ալ կ’ըսէ. «Դուն յաւիտեան քահանայ ես Մելքիսեդեկի կարգին պէս»։

7Որ իր մարմնին օրերը սաստիկ գոչումով ու արցունքով աղօթք եւ աղաչանք մատուցանեց անոր որ կարող էր զինք մահուանէ ազատել ու լսուեցաւ իր բարեպաշտութեանը պատճառով՝ ՝

8Թէպէտ ինք Որդի է, բայց իր չարչարանքներէն հնազանդութիւն սորվեցաւ։

9Երբ կատարեալ եղաւ, բոլոր իրեն հնազանդողներուն յաւիտենական փրկութեան պատճառ եղաւ

10Ու Աստուծմէ կոչուեցաւ Քահանայապետ Մելքիսեդեկի կարգին պէս։

11Որուն վրայով շատ ըսելիք ունինք, որ դժուար է մեկնել, վասն զի ձեր լսելիքները բթացած են.

12Վասն զի թէպէտ պէտք էր որ մինչեւ հիմա ուսուցիչ ըլլայիք ու ժամանակին նայելով սորվեցնէիք, բայց դուք ալ պէտք է սորվիք թէ՝ որո՞նք են Աստուծոյ պատգամներուն առաջին սկզբունքները։ Դուք կաթի կը կարօտիք, ո՛չ թէ հաստատուն կերակուրի։

13Քանզի այն որ կաթնկեր է՝ արդարութեան խօսքին անհմուտ է, որովհետեւ տղայ է։

14Բայց հաստատուն կերակուրը չափահասներուն համար է, որոնց զգայարանքները սովորութեամբ վարժուած են բարին ու չարը զանազանել։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Hebrews 5.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.