1Յուդայի ու Բենիամինի թշնամիները, երբ լսեցին թէ գերութենէ վերադարձողները՝ ՝ Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն տաճարը կը շինեն,
2Զօրաբաբէլին ու նահապետներուն մօտեցան ու անոնց ըսին. «Մենք ալ ձեզի հետ շինենք. քանզի մենք ալ ձեզի պէս ձեր Աստուածը կը պաշտենք ու մեզ հոս բերող Ասորեստանի Ասորդան թագաւորին օրերէն ի վեր անոր զոհ կը մատուցանենք»։
3Բայց Զօրաբաբէլն ու Յեսուն եւ Իսրայէլի միւս նահապետները անոնց ըսին. «Չի վայլեր ձեզի որ մէկտեղ մեր Աստուծոյն տուն շինենք. հապա Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն տունը մինակ մենք պիտի շինենք, ինչպէս Պարսիկներու Կիւրոս թագաւորը մեզի հրամայեց»։
4Այն երկրին ժողովուրդը Յուդայի ժողովուրդին ձեռքերը կը թուլցնէին ու անոնց շինութիւնը կը խափանէին։
5Եւ անոնց խորհուրդը խափանելու համար՝ վարձքով անոնց դէմ օրէնսգէտներ բռնեցին Պարսիկներու Կիւրոս թագաւորին օրերը ու մինչեւ Պարսիկներու Դարեհ թագաւորին թագաւորութեանը ժամանակը։
6Ասուերոսի թագաւորութեան սկիզբը, Յուդայի ու Երուսաղէմի բնակիչներուն դէմ ամբաստանութեան գիր գրեցին։
7Արտաշէսի օրերը Բեսեղամը, Միթրիդատը, Տաբէէլն եւ ուրիշ ընկերներ Պարսիկներու Արտաշէս թագաւորին գրեցին։ Նամակը Ասորերէն գրուած էր ու մեկնութիւնը Ասորերէն էր։
8Հռէում հրամանատարն ու Սամսայ դպիրը Երուսաղէմի դէմ այս կերպով նամակ մը գրեցին Արտաշէս թագաւորին։
9Այն ատեն Հռէում հրամանատարն ու Սամսայ դպիրը եւ անոնց միւս ընկերները՝ Դինացիներ, Ափարսաթաքացիներ, Տարփաղեցիներ, Ափերսացիներ, Արքուեցիներ, Բաբելոնացիներ, Շուշանացիներ, Դաւեցիներ, Եղամացիներ
10Եւ մնացած ազգերը, որոնք մեծ ու պատուական Ասենափարը փոխադրեց ու Սամարիայի քաղաքներուն մէջ բնակեցուց եւ ուրիշներ, որոնք Գետին ասդիի կողմը կը գտնուին, նամակ մը գրեցին։
11Այս է այն նամակին օրինակը, որ Արտաշէս թագաւորին ղրկեցին. «Գետին ասդիի կողմը բնակող քու ծառաներդ բարեւ կը ղրկեն։
12Թագաւորիդ յայտնի ըլլայ որ ձեր կողմէ մեզի եկող Հրեաները Երուսաղէմ եկան ու հիմեր ձգելով ու պարիսպներ բարձրացնելով՝ ապստամբ քաղաք մը կը շինեն։
13Հիմա թագաւորիդ յայտնի ըլլայ, որ եթէ այս քաղաքը նորէն շինուի ու անոր պարիսպները բարձրացուին, անոնք հարկ, տուրք ու մաքս պիտի չտան եւ այս պատճառով թագաւորական հարկերը պիտի վնասուին։
14Մեր ռոճիկը պալատէն տրուելուն համար՝ չենք կրնար թագաւորին վնասին համաձայնիլ, ատոր համար այս նամակը ղրկեցինք ու թագաւորիդ իմացուցինք.
15Որպէս զի քու հայրերուդ յիշատակներու գրքին մէջ փնտռես, գտնես ու իմանաս որ այն քաղաքը ապստամբ եւ թագաւորներուն եւ գաւառներուն վնասակար քաղաք մը եղած է եւ թէ հին ատենը անոր մէջ դաւաճանութիւն եղած է ու անոր համար այս քաղաքը կործանուեր է։
16Մենք թագաւորիդ կ’իմացնենք, որ եթէ այս քաղաքը շինուի ու անոր պարիսպները նորոգուին, այն պատճառով Գետին ասդիի կողմը բաժին պիտի չունենաս»։
17Իսկ թագաւորը Հռէում հրամանատարին եւ Սամսայ դպիրին ու Սամարիայի մէջ բնակող անոնց մնացած ընկերներուն ու Գետին անդիի կողմը եղող մնացածներուն հրովարտակ ղրկեց այս խօսքերով.
18«Ողջո՜յն, եւ այլն։ Մեզի ղրկած նամակնիդ իմ առջեւս յայտնապէս կարդացուեցաւ։
19Ես հրաման ըրի եւ փնտռեցին եւ գտան թէ այն քաղաքը հին ատենէն ի վեր թագաւորներուն դէմ դրեր է ու անոր մէջ ապստամբութիւն ու դաւաճանութիւն եղեր է։
20Ու Երուսաղէմի մէջ զօրաւոր թագաւորներ եղած են, որոնք բոլոր Գետին անդիի կողմը եղողներուն վրայ տիրած են ու իրենց հարկ, տուրք ու մաքս տրուեր է։
21Հիմա պատուէր տուէք, որ այն մարդիկը արգիլեն քաղաքին շինուիլը, մինչեւ իմ կողմէ նոր հրովարտակ մը տրուի։
22Զգոյշ եղէք եւ այս բանին համար անհոգութիւն մի՛ ընէք. չըլլայ որ չարութիւնը շատնայ, թագաւորները վնասուին»։
23Երբ Արտաշէս թագաւորին նամակին օրինակը Հռէումի ու Սամսայ դպիրին եւ անոնց ընկերներուն առջեւ կարդացուեցաւ, արտորնօք Երուսաղէմ գացին Հրեաներուն եւ բռնութեամբ շինելը արգիլեցին։
24Այն ատեն Երուսաղէմ եղող Աստուծոյ տանը շինութիւնը արգիլուեցաւ ու մինչեւ Պարսից Դարեհ թագաւորին թագաւորութեանը երկրորդ տարին արգիլուած մնաց։