Ezekiel 25WARMB

1Դարձեալ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.

2«Որդի՛ մարդոյ, երեսդ Ամմոնի որդիներուն դարձուր ու անոնց վրայ մարգարէութիւն ըրէ՛

3Եւ Ամմոնի որդիներուն ըսէ, Տէր Եհովային խօսքը լսեցէք. Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Որովհետեւ դուն «Վա՜շ» ըսիր իմ սրբարանիս համար՝ երբ պղծուեցաւ ու Իսրայէլի երկրին համար՝ երբ աւերակ եղաւ եւ Յուդայի տանը համար՝ երբ գերութեան գնաց.

4Անոր համար ահա ես քեզ արեւելքի բնակիչներուն ժառանգութիւն պիտի տամ ու քու մէջդ իրենց գիւղերը պիտի հաստատեն ու քու մէջդ իրենց վրանները պիտի բանան, քու պտուղներդ պիտի ուտեն եւ քու կաթդ պիտի խմեն։

5Ռաբբան՝ ուղտերու փարախ եւ Ամմոնի որդիներուն երկիրը հօտերու մակաղատեղի պիտի ընեմ ու պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը’։

6Վասն զի Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Որովհետեւ դուն ծափ զարկիր ու ոտքդ գետինը զարկիր ու Իսրայէլի երկրին վրայ քու հոգիիդ բոլոր արհամարհանքովը ուրախացար,

7Անոր համար ահա ես իմ ձեռքս քու վրադ պիտի երկնցնեմ եւ քեզ ժողովուրդներէն պիտի կտրեմ ու քեզ երկիրներուն մէջէն պիտի կորսնցնեմ. քեզ բնաջինջ պիտի ընեմ’։ Ու պիտի գիտնաս թէ ես եմ Տէրը»։

8Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Որովհետեւ Մովաբ ու Սէիր ինծի ըսին թէ ‘Ահա Յուդայի տունը բոլոր ազգերուն պէս է’,

9Անոր համար ահա ես Մովաբին սահմանը իր քաղաքներէն, իր ծայրը եղող քաղաքներէն, երկրին պարծանքը եղող Բեթեսիմօթի, Բէէլմօնի ու Կարիաթեմի կողմէն պիտի բանամ

10Արեւելքի բնակիչներուն, որպէս զի Ամմոնի որդիներուն վրայ գան ։ Այն երկիրը անոնց իբր ժառանգութիւն պիտի տամ, որպէս զի Ամմոնի որդիները ազգերուն մէջ չյիշուին։

11Մովաբն ալ պիտի պատժեմ ու պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը»։

12Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Որովհետեւ Եդովմ Յուդայի տունէն վրէժ առաւ եւ անկէ վրէժ առնելով մեծ յանցանք գործեց»,

13Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Եդովմի վրայ անշուշտ ձեռքս պիտի երկնցնեմ եւ մարդն ու անասունը անկէ պիտի կոտորեմ եւ զանիկա անապատ պիտի ընեմ, Թեմանէն մինչեւ Դեդան սուրով պիտի իյնան’։

14Իմ ժողովուրդիս Իսրայէլին ձեռքով իմ վրէժխնդրութիւնս Եդովմին վրայ պիտի կատարեմ ու անոնք իմ սրտմտութեանս ու բարկութեանս համեմատ պիտի ընեն Եդովմի մէջ եւ իմ վրէժխնդրութիւնս պիտի ճանչնան’»։

15Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Որովհետեւ Փղշտացիները վրէժխնդրութեամբ վարուեցան ու հոգիի արհամարհանքով վրէժ առին՝ հին օրերու ատելութեամբ աւերելով’,

16Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես իմ ձեռքս Փղշտացիներուն վրայ պիտի երկնցնեմ եւ Քերեթիները պիտի կոտորեմ ու ծովեզերքը եղողներուն մնացորդը բնաջինջ պիտի ընեմ

17Եւ անոնց վրայ իմ սրտմտութեանս յանդիմանութիւններովը մեծ վրէժխնդրութիւններ պիտի կատարեմ ու երբ իմ վրէժս անոնցմէ առնեմ, պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը’»։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Ezekiel 25.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.