Ezekiel 15WARMB

1Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.

2«Որդի՛ մարդոյ, որթատունկին փայտը ի՞նչ առաւելութիւն ունի ուրիշ փայտերէ, Այսինքն այնպիսի ճիւղ մը, որ անտառի ծառերուն մէջ է։

3Միթէ ան իբր փայտ կ’առնուի՞, բանի մը գործածելու համար. Կամ թէ անկէ ցից մը կը շինուի՞, անկէ աման մը կախելու համար։

4Ահա կրակի մէջ կը նետուի, անոր կերակուր ըլլալու համար։ Կրակը անոր երկու ծայրերը կ’ուտէ Ու մէջը կ’այրէ։ Միթէ անիկա բանի մը օգտակար կ’ըլլա՞յ։

5Ահա անիկա ողջ եղած ատենը բանի մը չի ծառայեր. Ալ ո՞ւր մնաց որ անիկա բանի մը օգտակար ըլլայ, Երբ կրակը զանիկա սպառէ եւ հատցնէ։

6Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Անտառին փայտերուն մէջ ինչպէս է որթատունկին փայտը, Որ կրակին տուի կերակուրի համար, Այնպէս ալ Երուսաղէմի բնակիչները տուի։

7Իմ երեսս անոնց վրայ պիտի հաստատեմ. Անոնք մէկ կրակէն պիտի ազատին, Բայց ուրիշ կրակ մը զանոնք պիտի ուտէ։ Երբ իմ երեսս անոնց վրայ հաստատեմ, Պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը։

8Եւ իրենց անհաւատարմութեան համար Երկիրը ամայի պիտի ընեմ’»։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Ezekiel 15.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.