Ecclesiastes 9WARMB

1Վասն զի բոլորը իմ սրտիս մէջ դրի, Որ բոլորը զննեմ եւ յիշեցի Թէ արդարները եւ իմաստուններն ու անոնց գործերը Աստուծոյ ձեռքին մէջ են։ Մարդ չի գիտեր՝ թէ սէրը եւ ատելութիւնը, Ամէն բան անոնց առջեւ է։

2Ամէն բան ամենուն հաւասարապէս կը պատահի. Արդարին ու ամբարշտին, Բարի մարդուն, մաքուրին ու անմաքուրին, Զոհ ընողին ու զոհ չընողին Պատահածը նոյնն է։ Ինչպէս է բարի մարդը, մեղաւորն ալ այնպէս է։ Երդում ընողը՝ երդումէ վախցողին պէս է։

3Արեւուն տակ եղած բոլոր գործերուն մէջ գէշ բանը այս է, Որ ամենուն պատահածը նոյնն է։ Մարդոց որդիներուն սիրտը Չարութեամբ լեցուած ըլլալով՝ Իրենց կենդանութեան ատենը իրենց սրտին մէջ խենդութիւն կայ, Անկէ յետոյ պիտի մեռնին։

4Բայց բոլոր կենդանիներուն ընկերացող մարդը յոյս ունի, Վասն զի ողջ շունը մեռած առիւծէն աղէկ է։

5Որովհետեւ անոնք որ կ’ապրին, գիտեն թէ պիտի մեռնին. Բայց մեռելները բան մը չեն գիտեր Ու ալ վարձք մը չեն առներ. Վասն զի անոնց յիշատակը մոռցուեցաւ։

6Թէ՛ անոնց սէրը, թէ՛ ատելութիւնը Եւ թէ՛ նախանձը արդէն կորսուեցան Ու անոնք արեւուն տակ եղող բաներէն Ա՛լ յաւիտեան բաժին չունին։

7Գնա՛ հացդ ուրախութեամբ կե՛ր Ու գինիդ ուրախ սրտով խմէ՛, Վասն զի Աստուած քու գործերուդ հաւնեցաւ։

8Հանդերձներդ ամէն ատեն ճերմակ թող ըլլան Ու գլխուդ վրայէն իւղը պակաս թող չըլլայ։

9Քու սիրած կնոջդ հետ կեանքը վայլէ Քու ունայն կեանքիդ բոլոր օրերուն մէջ, Որ Աստուած քեզի տուաւ արեւուն տակ, Բոլոր ունայն օրերուդ մէջ։ Վասն զի այս կեանքին մէջ քու բաժինդ անիկա է Արեւուն տակ կատարած աշխատանքէդ։

10Ձեռքդ ինչ որ գտնէ ընելու, Բոլոր ուժովդ ըրէ, Քանզի գերեզմանիդ մէջ Գործ, խորհուրդ, գիտութիւն ու իմաստութիւն չկայ։

11Դարձայ ու արեւուն տակ տեսայ, Թէ ճամբան վազողներունը չէ, Պատերազմը զօրաւորներունը չէ Նաեւ հացը իմաստուններունը չէ, Հարստութիւնն ալ հանճարեղներունը չէ, Նաեւ շնորհքը գիտուններունը չէ. Հապա ժամանակ ու դիպուած կը պատահին ամենուն։

12Վասն զի ժամանակն անգամ չի գիտեր։ Ինչպէս ձուկերը չար ուռկանով կը բռնուին Եւ թռչունները ծուղակի մէջ կը բռնուին, Նոյնպէս մարդոց որդիներն ալ որոգայթի մէջ կ’իյնան, Երբ չար ժամանակը յանկարծ անոնց վրայ գայ։

13Արեւուն տակ այս իմաստութիւնն ալ տեսայ։ Անիկա ինծի մեծ երեւցաւ.

14Պզտիկ քաղաքին վրայ, որուն մէջ քիչ մարդ կար, Մեծ թագաւոր մը եկաւ ու զանիկա պաշարեց Եւ անոր դէմ մեծ պատնէշներ շինեց

15Ու անոր մէջ աղքատ իմաստուն մը գտնուեցաւ Եւ անիկա իր իմաստութիւնովը քաղաքը ազատեց, Բայց այդ աղքատ մարդը բնաւ յիշող մը չեղաւ։

16Այն ատեն ըսի թէ՝ Իմաստութիւնը ուժէն աղէկ է, Թէեւ աղքատին իմաստութիւնը կ’անարգեն Ու անոր խօսքերուն մտիկ չեն ըներ։

17Իմաստուններուն մեղմ խօսքերը Յիմարներուն մէջ իշխան եղողին աղաղակէն աղէկ կը լսուին։

18Իմաստութիւնը պատերազմական զէնքերէն աղէկ է, Բայց մէկ մեղաւորը շատ բարիքներու կորուստին պատճառ կ’ըլլայ։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Ecclesiastes 9.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.