1Արեւուն տակ տեսայ թէ չարիք մը կայ Ու անիկա մարդոց մէջ շատ կը գտնուի ։
2Մարդ մը, որուն Աստուած հարստութիւն ու ստացուածք եւ փառք կու տայ, Իր հոգիին ցանկացած ոեւէ բանէ պակասութիւն մը չ’ունենար, Բայց Աստուած անոր իշխանութիւն չի տար անկէ ուտելու. Հապա զանիկա օտար մարդ կ’ուտէ։ Այս ալ ունայնութիւն ու գէշ ցաւ մըն է։
3Եթէ մարդ հարիւր զաւակ ծնանի Ու շատ տարիներ ապրի Եւ անոր հոգին բարութենէ չկշտանայ Եւ անիկա թաղում ալ չունենայ, Կ’ըսեմ թէ վիժածը անկէ աղէկ է։
4Վասն զի ասիկա ունայնութեամբ եկաւ ու խաւարով գնաց Եւ անունը խաւարի մէջ ծածկուեցաւ։
5Արեւն ալ չտեսաւ ու բան մը չգիտցաւ. Ասիկա միւսէն ի՞նչ բանով աւելի հանգիստ է։
6Իսկ եթէ երկու հազար տարի ալ ապրի Ու աղէկութիւն չտեսնէ, Միթէ ամէնքը նոյն տեղը չե՞ն երթար։
7Մարդուն բոլոր աշխատութիւնը իր բերնին համար է, Սակայն անոր հոգին չի կշտանար։
8Քանզի իմաստունը անմիտէն աւելի ի՞նչ բան ունի. Ապրողներուն մէջ քալել գիտցող աղքատը ի՞նչ օգուտ կ’ունենայ։
9Աչքերով տեսնելը հոգիով փափաքելէն աղէկ է։ Ասիկա ալ ունայնութիւն ու հոգիի տանջանք է։
10Ինչ որ եղաւ, արդէն անոր անուն դրուած է Եւ յայտնի է թէ մարդ է Ու անիկա իրմէ Զօրաւորին հետ վիճելու կարող չէ։
11Որովհետեւ ունայնութիւն շատցնող շատ բաներ կան, Մարդուն ի՞նչ կը մնայ։
12Քանզի ո՞վ գիտէ թէ ո՛ր բանը աղէկ է կենդանի մարդուն՝ Ստուերի պէս անցուցած իր ունայն կեանքին բոլոր օրերուն մէջ. Վասն զի մարդուն ո՞վ պիտի յայտնէ՝ Թէ իրմէ ետքը արեւուն տակ ի՛նչ պիտի ըլլայ։