Ecclesiastes 3WARMB

1Ամէն բանի ատենը կայ Ու երկնքի տակ եղող ամէն գործի՝ ժամանակը։

2Ծնանելու ժամանակ եւ մեռնելու ժամանակ, Տնկելու ժամանակ ու տնկուածը խլելու ժամանակ,

3Մեռցնելու ժամանակ եւ բժշկելու ժամանակ, Փլցնելու ժամանակ ու շինելու ժամանակ,

4Լալու ժամանակ եւ ծիծաղելու ժամանակ, Սուգ ընելու ժամանակ ու կաքաւելու ժամանակ,

5Քարեր դուրս նետելու ժամանակ ու քարեր հաւաքելու ժամանակ, Գրկելու ժամանակ ու գրկէ հեռացնելու ժամանակ,

6Փնտռելու ժամանակ եւ կորսնցնելու ժամանակ,

7Պատռելու ժամանակ եւ կարելու ժամանակ, Լռելու ժամանակ ու խօսելու ժամանակ,

8Սիրելու ժամանակ եւ ատելու ժամանակ, Պատերազմի ժամանակ ու խաղաղութեան ժամանակ։

9Աշխատողին՝ իր կատարած աշխատանքէն Ի՞նչ օգուտ կայ։

10Տեսայ այն զբաղումը, որ Աստուած մարդոց որդիներուն տուաւ, Որպէս զի անով զբաղին։

11Անիկա ամէն բան իր ժամանակին վայելուչ ըրաւ Եւ մարդուն մտքին մէջ յաւիտենականութիւնը ճանչնալու փափաքը դրաւ. Բայց Աստուծոյ ըրած գործը Մարդ չի կրնար սկիզբէն մինչեւ վերջը հասկնալ։

12Այս գիտեմ, որ ուրախ ըլլալէ Ու կենդանութեան ատեն աղէկութիւն ընելէ զատ, Ուրիշ աղէկ բան չկայ անոնց մէջ։

13Նաեւ ամէն մարդու ուտելն ու խմելը Եւ իր բոլոր աշխատութենէն բարիք վայլելը Աստուծոյ պարգեւն է։

14Գիտեմ թէ Աստուծոյ ամէն ըրածը յաւիտեան պիտի մնայ. Անոր վրայ բան մը աւելցնել կամ անկէ պակսեցնել կարելի չէ։ Աստուած անիկա ըրաւ, որպէս զի իր երեսէն վախնան։

15Ինչ որ եղած է, հիմա ալ կայ Ու ինչ որ պիտի ըլլայ՝ արդէն եղած է։ Աստուած անցածը կը փնտռէ։

16Ու նաեւ արեւուն տակ տեսայ, թէ բարեպաշտութեան տեղ՝ ամբարշտութիւն Եւ արդարութեան տեղ անօրէնութիւն կայ։

17Ես իմ սրտիս մէջ ըսի թէ՝ Աստուած պիտի դատէ արդարն ու ամբարիշտը, Վասն զի ամէն դիտաւորութիւն ու ամէն գործ իր ժամանակը ունի։

18Ես իմ սրտիս մէջ ըսի՝ Մարդոց որդիներուն վիճակին վրայով՝ Թէ Աստուած զանոնք պիտի փորձէ Ու պիտի տեսնեն թէ իրենք անասուններ են։

19Վասն զի մարդոց որդիներուն պատահածը Եւ անասուններուն պատահածը նոյնն են։ Մէկը ինչպէս կը մեռնի, միւսն ալ այնպէս կը մեռնի։ Ամենուն շունչը նոյնն է։ Մարդը անասունէն աւելի բան մը չունի, Վասն զի ամէն բան ունայնութիւն է։

20Ամէնքը նոյն ըեղը կ’երթան։ Ամէն բան հողէն ելաւ ու ամէն բան հող պիտի դառնայ։

21Ո՞վ գիտէ թէ մարդոց որդիներուն հոգիները վեր կ’ելլեն, Բայց անասուններուն ոգիները գետինը կ’իջնեն։

22Տեսայ թէ մարդս իր գործերովը ուրախ ըլլալէ զատ Ուրիշ աղէկութիւն մը չունի, Քանզի անոր բաժինը այն է։ Ո՞վ պիտի տանի զանիկա, որ տեսնէ Թէ՝ իրմէ ետքը ի՛նչ պիտի ըլլայ։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Ecclesiastes 3.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.