1Քու հացդ ջուրերու երեսին վրայ ձգէ, Վասն զի շատ օրերէն ետքը զանիկա պիտի գտնես։
2Եօթնին եւ ութին ալ բաժին տուր, Վասն զի չես գիտեր թէ երկրի վրայ ի՛նչ պատուհաս պիտի գայ։
3Եթէ ամպերը լեցուն ըլլան, Երկրի վրայ անձրեւ կը թափեն։ Երբ ծառ մը դէպի հարաւ կամ դէպի հիւսիս իյնայ, Այն ծառը ինկած տեղը կը մնայ։
4Հովը դիտողը չի կրնար ցանել Եւ ամպերուն նայողը չի կրնար հնձել։
5Ինչպէս դուն հովին ճամբան ո՛րն ըլլալը Ու յղիին որովայնին մէջ ոսկորներուն ի՛նչպէս կազմուիլը չես գիտեր, Նոյնպէս ամենաստեղծ Աստուծոյն գործը չես գիտեր։
6Առտուն քու սերմդ ցանէ Եւ իրիկունը քու ձեռքդ պարապ մի՛ թողուր. Վասն զի չես գիտեր թէ ո՞րը օգտակար պիտի ըլլայ՝ Ա՞յս թէ այն, Կամ թէ երկուքը հաւասարապէս աղէկ պիտի ըլլան։
7Իրաւ որ լոյսը քաղցր է Ու արեւը տեսնելը աչքերու ախորժելի է։
8Թէեւ մարդ մը շատ տարի ապրի Ու անոնց ամենուն մէջ ուրախանայ, Խաւարի օրերն ալ յիշելու է, Վասն զի անոնք շատ պիտի ըլլան։ Բոլոր գալիքը ունայնութիւն է։
9Ո՛վ երիտասարդ, քու մանկութեանդ մէջ ուրախ եղիր Ու երիտասարդութեանդ օրերուն մէջ սիրտդ թող քեզ զուարճացնէ Եւ քու սրտիդ ճամբաներովը Ու աչքերուդ նայուածքով քալէ. Բայց գիտցիր թէ ասոնց ամենուն համար Աստուած քեզ դատաստանի պիտի կանչէ։
10Քու սրտէդ տրտմութիւնը վերցո՛ւր Ու մարմնէդ չարութիւնը հեռացո՛ւր, Վասն զի մանկութիւնն ու երիտասարդութիւնն ալ ունայնութիւն են։