Deuteronomy 27WARMB

1Մովսէս՝ Իսրայէլի ծերերուն հետ՝ ժողովուրդին պատուիրելով՝ ըսաւ. «Պահեցէ՛ք այն բոլոր պատուիրանքները, որոնք ես այսօր ձեզի կը յայտնեմ։

2Յորդանանէն քու Տէր Աստուծոյդ քեզի տուած երկիրը անցած օրդ՝ քեզի մեծ քարեր կանգնեցո՛ւր ու զանոնք կիրով ծեփէ՛։

3Այս օրէնքին բոլոր խօսքերը անոնց վրայ գրէ՛, երբ անցնիս ու մտնես այն երկիրը, որ քու Տէր Աստուածդ քեզի պիտի տայ, երկիր մը՝ ուր կաթ ու մեղր կը բղխի, ինչպէս քու հայրերուդ Տէր Աստուածը քեզի ըսաւ։

4Ուստի երբ Յորդանանէն անցնիս, այս օրուան քեզի պատուիրածիս պէս՝ այս քարերը Գեբաղ լերան վրայ կանգնեցո՛ւր ու զանոնք կիրով ծեփէ՛։

5Հոն քու Տէր Աստուծոյդ սեղան մը շինէ՛, քարերէ շինուած սեղան մը. անոնց վրայ երկաթ մի՛ դպցներ։

6Այլ քու Տէր Աստուծոյդ սեղանը ամբողջ քարերէ շինէ՛, որպէս զի անոր վրայ քու Տէր Աստուծոյդ զոհեր մատուցանես։

7Խաղաղութեան զոհեր մատուցանելով, հոն կե՛ր ու քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ ուրախացիր։

8Այս օրէնքին բոլոր խօսքերը քարերուն վրայ խիստ պարզ կերպով մը գրէ՛»։

9Մովսէս Ղեւտացի քահանաներուն հետ բոլոր Իսրայէլին խօսելով՝ ըսաւ. «Ո՛վ Իսրայէլ, լուռ կեցիր ու մտիկ ըրէ՛. Դուն այսօր քու Տէր Աստուծոյդ ժողովուրդը եղար.

10Ուստի քու Տէր Աստուծոյդ խօսքին մտիկ ընելով գործադրէ՛ անոր պատուիրանքներն ու կանոնները, որոնք ես այսօր քեզի կը յայտնեմ»։

11Նոյն օրը Մովսէս ժողովուրդին պատուիրելով՝ ըսաւ.

12«Երբ Յորդանանէն անցնիք, ժողովուրդը օրհնելու համար Գարիզին լերան վրայ հետեւեալները թող կայնին՝ Շմաւոն, Ղեւի, Յուդա, Իսաքար, Յովսէփ ու Բենիամին։

13Իսկ անէծքի համար Գեբաղ լերան վրայ հետեւեալները թող կայնին՝ Ռուբէն, Գադ, Ասեր, Զաբուղոն, Դան ու Նեփթաղիմ»։

14Եւ Ղեւտացիները Իսրայէլի բոլոր մարդոցը հետ խօսելով՝ բարձր ձայնով թող ըսեն.

15«Անիծեալ ըլլայ ա՛յն մարդը՝ որ արուեստաւորի ձեռագործ ու Տէրոջը առջեւ պիղծ սեպուող փորուած կամ ձուլածոյ կուռք կը շինէ ու գաղտուկ տեղ մը կը դնէ»։ Բոլոր ժողովուրդը պատասխան տալով՝ «Ամէն» թող ըսէ։

16«Անիծեալ ըլլայ ա՛ն՝ որ իր հօրը կամ մօրը դէմ հայհոյութիւն կ’ընէ»։ Բոլոր ժողովուրդը «Ամէն» թող ըսէ։

17«Անիծեալ ըլլայ ա՛ն՝ որ իր դրացիին սահմանը կը փոխէ»։ Բոլոր ժողովուրդը «Ամէն» թող ըսէ։

18«Անիծեալ ըլլայ ա՛ն՝ որ կոյրը իր ճամբայէն կը խոտորեցնէ»։ Բոլոր ժողովուրդը «Ամէն» թող ըսէ։

19«Անիծեալ ըլլայ ա՛ն՝ որ պանդուխտին, որբին ու որբեւարիին իրաւունքը կը ծռէ»։ Բոլոր ժողովուրդը «Ամէն» թող ըսէ։

20«Անիծեալ ըլլայ ա՛ն՝ որ իր խորթ մօրը հետ կը պառկի. քանզի իր հօրը քղանցքը կը բանայ»։ Բոլոր ժողովուրդը «Ամէն» թող ըսէ։

21«Անիծեալ ըլլայ ա՛ն՝ որ ոեւէ անասունի հետ կը պառկի»։ Բոլոր ժողովուրդը «Ամէն» թող ըսէ։

22«Անիծեալ ըլլայ ա՛ն՝ որ իր հօրը աղջիկը կամ իր մօրը աղջիկը եղող իր քրոջ հետ կը պառկի»։ Բոլոր ժողովուրդը «Ամէն» թող ըսէ։

23«Անիծեալ ըլլայ ա՛ն՝ որ իր զոքանչին հետ կը պառկի»։ Բոլոր ժողովուրդը «Ամէն» թող ըսէ։

24«Անիծեալ ըլլայ ան, որ իր դրացին գաղտուկ կը մեռցնէ»։ Բոլոր ժողովուրդը «Ամէն» թող ըսէ։

25«Անիծեալ ըլլայ ա՛ն՝ որ անմեղ մարդ մը մեռցնելու համար կաշառք կ’առնէ»։ Բոլոր ժողովուրդը «Ամէն» թող ըսէ։

26«Անիծեալ ըլլայ ա՛ն՝ որ այս օրէնքին բոլոր խօսքերուն մէջ չի կենար, որ զանոնք կատարէ»։ Բոլոր ժողովուրդը «Ամէն» թող ըսէ։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Deuteronomy 27.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.