Deuteronomy 23WARMB

1«Ամորձիքը ճզմուած կամ կտրուած մարդը Տէրոջը ժողովարանը պէտք չէ մտնէ։

2Պոռնկորդին ալ Տէրոջը ժողովարանը պէտք չէ մտնէ, նոյնպէս անոր զաւակը ՝ մինչեւ տասներորդ սերունդը։

3«Ամմոնացին ու Մովաբացին Տէրոջը ժողովարանը պէտք չէ մտնեն յաւիտեանս անոնց զաւակն ալ՝ մինչեւ տասներորդ սերունդը,

4Քանզի երբ դուք Եգիպտոսէն ելաք, ճամբուն մէջ հացով ու ջրով ձեզ դիմաւորեցին ու Միջագետքի Փաթուր քաղաք էն Բէովրի որդին Բաղաամը վարձքով բերել տուին, որպէս զի քեզ անիծէ.

5Բայց քու Տէր Աստուածդ չուզեց Բաղաամին մտիկ ընել, հապա քու Տէր Աստուածդ անէծքը քեզի օրհնութեան դարձուց, որովհետեւ քու Տէր Աստուածդ քեզ սիրեց։

6Քու բոլոր կեանքիդ մէջ անոնց խաղաղութիւնն ու աղէկութիւնը մի՛ կամենար յաւիտեան։

7«Չըլլայ որ Եդովմայեցին ատես, քանզի անիկա քու եղբայրդ է։ Եգիպտացին ալ չատես, քանզի անոր երկրին մէջ պանդուխտ էիր.

8Ասոնց ծնած զաւակներուն միայն երրորդ ազգը Տէրոջը ժողովարանը թող մտնեն։

9«Երբ թշնամիներուդ դէմ բանակով երթաս, ամէն չար բանէ զգուշացի՛ր։

10Եթէ ձեր մէջ մարդ մը երազափորձութեան պատճառաւ մաքուր չէ, թող բանակէն դուրս ելլէ ու բանակին մէջ չմտնէ

11Եւ իրիկունը ջրով լուացուի ու արեւը մարը մտածին պէս բանակին մէջ մտնէ։

12Բանակէն դուրս տեղ մը ունեցիր, որպէս զի հոն դուրս ելլես։

13Զէնքերուդ մէջ ցից մը ունեցիր, որպէս զի երբ դուրսը նստելու ըլլաս, անով փորես ու դուրս տրուածը ծածկես։

14Քանզի քու Տէր Աստուածդ, քեզ ազատելու համար ու քու թշնամիներդ քու ձեռքդ մատնելու համար, քու բանակիդ մէջ կը քալէ. ուստի քու բանակդ մաքուր ըլլալու է, որպէս զի անիկա քու վրադ աղտեղութիւն մը տեսնելով քեզմէ չհեռանայ։

15«Եթէ ծառայ մը իր տիրոջմէն փախչելով քու քովդ ապաստանի, իր տիրոջը ձեռքը մի՛ մատներ։

16Թող քեզի հետ բնակի իր հաւնած տեղը քու քաղաքներէդ մէկուն մէջ, ուր ինք կ’ուզէ եւ զանիկա մի՛ նեղեր։

17«Իսրայէլի աղջիկներէն բոզ չըլլայ ու Իսրայէլի տղոցմէն իգացեալ չըլլայ։

18Ոեւէ ուխտի համար բոզի վարձքը կամ չունի գինը քու Տէր Աստուծոյդ տունը մի՛ տանիր. քանզի քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ երկուքն ալ պիղծ են։

19«Ստակը կամ ուտելիքը եւ կամ ոեւէ բան որ շահով կրնայ տրուիլ, քու եղբօրդ շահով մի՛ տար։

20Օտարականէն շահ ա՛ռ, բայց քու եղբօրմէդ շահ մի՛ առներ, որպէս զի քու Տէր Աստուածդ քու ամէն ձեռք զարկած գործերուդ մէջ քեզ օրհնէ այն երկրին մէջ, ուր պիտի մտնես զանիկա ժառանգելու համար։

21«Երբ քու Տէր Աստուծոյդ ուխտ մը ընես, առանց ուշացնելու կատարէ, քանզի քու Տէր Աստուածդ անպատճառ զանիկա քեզմէ պիտի պահանջէ ու մեղքի տէր պիտի ըլլաս.

22Բայց եթէ ուխտ ընել չուզես, այն քեզի մեղք չըլլար։

23Ինչ որ բերնովդ կը խոստանաս ու քու կամքովդ քու Տէր Աստուծոյդ կ’ուխտես, քու շրթունքներէդ ելածը զգուշութեամբ կատարէ՛։

24«Երբ քու դրացիիդ այգին մտնես, ուզածիդ չափ խաղող կե՛ր ու կշտացի՛ր, բայց ամանիդ մէջ մի՛ դներ։

25Երբ քու դրացիիդ հունձքին մէջ մտնես, ձեռքովդ հասկերը փրցուր, բայց դրացիիդ հունձքին մանգաղ մի՛ զարներ»։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Deuteronomy 23.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.