Deuteronomy 15WARMB

1«Եւ ամէն եօթներորդ տարի պարտքեր շնորհէ՛։ Շնորհելու կանոնը այս է՝

2Ամէն պարտատէր որ իր դրացիին բան մը փոխ տուած է, զանիկա պիտի շնորհէ. իր դրացիէն կամ եղբօրմէն պիտի չպահանջէ զայն, վասն զի թողութիւն յայտարարուած է Տէրոջմէ։

3Օտարազգիէն պիտի պահանջես, բայց քու եղբօրմէդ առնելիքդ պիտի շնորհես.

4Մինչեւ որ քու քովդ աղքատ չգտնուի. վասն զի Տէրը անշուշտ քեզ պիտի օրհնէ այն երկրին մէջ, որ քու Տէր Աստուածդ քեզի ժառանգութիւն պիտի տայ, որպէս զի անոր տիրես։

5Միայն՝ եթէ քու Տէր Աստուծոյդ խօսքին ամէն կերպով հնազանդիս ու այս բոլոր պատուիրանքները, որոնք ես այսօր քեզի կը պատուիրեմ՝ զգուշութեամբ գործադրես,

6Քու Տէր Աստուածդ ալ քեզի ըսածին պէս քեզ պիտի օրհնէ եւ դուն շատ ազգերու փոխ պիտի տաս, բայց դուն փոխ մի՛ առներ, քանզի դուն շատ ազգերու վրայ պիտի տիրես, բայց անոնք քու վրադ թող չտիրեն։

7«Քու Տէր Աստուծոյդ քեզի տուած երկրին մէջ, քու քաղաքներէդ մէկուն մէջ, եթէ եղբայրներէդ մէկը աղքատ ըլլայ, խստասրտութիւն մի՛ ըներ ու աղքատ եղբօրդ ձեռքը մի՛ գոցեր։

8Հապա անպատճառ ձեռքդ բաց անոր ու անոր կարօտութեանը բաւելու չափ անոր տո՛ւր։

9Զգոյշ կեցի՛ր, չըլլայ թէ սրտիդ մէջէն չար խորհուրդ մը անցընես ու եօթներորդ տարին, շնորհելու տարին, մօտ է՝ մտածելով՝ աղքատ եղբօրդ վրայ անգութ աչքով նայիս ու անոր փոխ չտաս եւ ան ալ քեզի դէմ Տէրոջը աղաղակէ ու դուն մեղքի տէր ըլլաս։

10Անպատճառ անոր տուր ու անոր տալու ատենդ սիրտդ թող չնեղուի. վասն զի Տէր Աստուածդ այս պատճառով քու բոլոր գործերուդ ու ձեռնարկներուդ մէջ քեզ պիտի օրհնէ։

11Որովհետեւ երկրին մէջէն աղքատ պակաս պիտի չըլլայ, անոր համար քեզի կը պատուիրեմ ու կ’ըսեմ՝ ‘Քու երկրիդ մէջ եղած աղքատ ու չքաւոր եղբօրդ ձեռքդ բաց ըլլայ’։

12«Եթէ քու եղբայրներէդ Եբրայեցի մարդ մը կամ կին մը քեզի ծախուի, անիկա վեց տարի քեզի ծառայութիւն թող ընէ, բայց եօթներորդ տարին զանիկա ազատ արձակէ՛։

13Ազատ արձակելու ատենդ զանիկա պարապ մի՛ արձակեր.

14Քու ոչխարներէդ, քու կալէդ եւ քու հնձանէդ անպատճառ պարգեւ մը տուր անոր. քու Տէր Աստուածդ ինչպէս քեզ օրհնեց, նոյնպէս տուր անոր։

15Միտքդ բե՛ր, թէ դուն ալ Եգիպտոսի մէջ ծառայ էիր ու քու Տէր Աստուածդ քեզ անկէ փրկեց։ Այս պատճառով այսօր քեզի կը պատուիրեմ այս բանը։

16Բայց եթէ քեզ եւ քու տունդ սիրելուն համար ու անիկա քու քովդ հանգիստ ըլլալուն համար ‘Քովէդ չեմ ելլեր’ ըսէ,

17Այն ատեն հերիւն մը ա՛ռ ու անոր ականջը դրանը վրայ ծակէ՛ եւ անիկա քեզի յաւիտեան ծառայ թող ըլլայ։ Աղախինիդ ալ նոյնպէս ըրէ։

18Զանիկա քու քովէդ ազատ արձակելդ դժուար թող չերեւնայ քեզի, վասն զի քեզի վեց տարի ծառայութիւն ըրած է, որ վարձկանի մը վարձքին կրկնապատիկ արժէքը ունի ու քու Տէր Աստուածդ բոլոր գործերուդ մէջ քեզ պիտի օրհնէ։

19«Քու արջառներէդ ու հօտերէդ ծնած ամէն արու անդրանիկները քու Տէր Աստուծոյդ նուիրէ՛։ Արջառներուդ անդրանիկներովը մի՛ գործեր ու անդրանիկ ոչխարներուդ բուրդը մի՛ կտրեր։

20Ամէն տարի քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ, Տէրոջը ընտրած տեղը, կերէք զանոնք դուն եւ քու ընտանիքդ։

21Բայց եթէ անոնք արատաւոր ըլլան, կաղ կամ կոյր ըլլան, կամ ոեւէ ուրիշ գէշ արատ մը ունենան, զանոնք քու Տէր Աստուծոյդ մի՛ զոհեր։

22Այնպիսին քու քաղաքներուդ մէջ կե՛ր։ Անմաքուր ու մաքուր եղողները անխտրաբար կրնան ուտել այծեամի ու եղջերուի պէս։

23Միայն անոր արիւնը մի՛ ուտեր, այլ ջուրի պէս գետինը թափէ զայն։

Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

Choose Translation

Switch translation for Deuteronomy 15.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.